ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», Արմէնփրէս».- Թրքական «Սապահ»ի յաւելուածական «Կիւնայտըն»ի Չորեքշաբթի, Փետրուար 15ի թիւին մէջ հրատարակուած է Մեւլիւթ Թեզելի ստորագրութեամբ ակնարկ մը՝ «Հապա եթէ՞ Սփիլպըրկ շարժանկարի վերածէ հայկական պատահարները» խորագիրով:
Վերջին քանի մը օրերուն, հայկական լրատուական աղբիւրներ հաղորդած էին, որ հռչակաւոր շարժանկարիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ եւ բեմագիր Սթիվըն Զայիլեան կը մտածեն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը պատրաստել, Հրէական Ողջակիզման նուիրուած նշանաւոր «Շինտլըրզ Լիս»չի օրինակով: Թեզել, այս լուրէն մեկնած՝ կը գրէ հետեւեալը. «Հայկական մամուլէ հաղորդուած լուրի մը համաձայն, Սփիլպըրկ եւ Զայիլեան պիտի պատրաստեն «իբրեւ թէ պատահած Հայկական Ցեղասպանութեան» մասին ժապաւէն մը։ Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք։ Մեր դեսպանն ալ ետ չենք կրնար կանչել։ Սփիլպըրկին բոլոր ժապաւէններուն դէմ պոյքո՞թ պիտի հռչակենք։ Դուք պոյքոթ հռչակեցէք որքա՛ն որ կ՛ուզէք, եթէ Սփիլպըրկ ու Զայիլեան նախապէս իրենց պատրաստած «Շինտլըրզ Լիս»չ անունով ժապաւէնին պէս յաջող ժապաւէն մը պատրաստեն, ապա մեզի համար հարցը այն ատեն է որ կը սկսի։ Այլեւս քաղաքական բեմահարթակէն դուրս կը յորդի այն հարցը, որ Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ էր, թէ չէր եղած. հարցը այս անգամ կը տարածուի ժողովրդական զանգուածներու մօտ։ Ամբողջ աշխարհը այս ժապաւէնին մասին պիտի խօսի։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք քարտէսի վրայ Թուրքիոյ տեղը չեն կրնար ցոյց տալ, պիտի հաւատան, որ մենք ցեղասպանութիւն գործադրած ենք։ Ասիկա հարիւր անգամ աւելի ծանր վնաս կը գործէ, քան այն, ինչ գործած էր «Միտնայթ Էքսփրես» ժապաւէնը»։
Յօդուածագիրը կը շարունակէ. «Անշուշտ կարեւոր է տեսնել, թէ Սփիլպըրկ ինչպիսի՛ ժապաւէն մը պիտի պատրաստէ։ Մեր արխիւները քննարկող խումբ մը պիտի կազմէ՞։ Երբե՛ք չեմ կարծեր։ Ան արդէն տեսակցած է Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին հետ ու ժապաւէնը պիտի հասցնէ 1915ի հարիւրամեակին։ Կարճ խօսքով՝ հակառակ անոր, որ մենք ոչինչ ըրած ենք այդպիսի պատիժի մը արժանանալու համար, գերմաններուն զգացածին նման ճնշուածութիւն մը պիտի ապրինք հաւանաբար»։