
Բ. Մակերիկամի գերգործունէութեամբ մակերամի բոլոր ներազդակները առատօրէն կ՛արտադրուին եւ տեղի կ՛ունենան հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները.
ա. Մակերիկամային այրականութիւն (virilism), որ կը յառաջանայ արական ներազդակի՝ testosterone-ի, առատ արտադրութենէն: Այս հիւանդութեան ախտանշաններն են՝
1. Մազակալում եւ մզուկ (acne).
2. Ձայնի խռպոտութիւն.
3. Սեռային ուժեղ փափաք-հեշտանք.
4. Մարմնական աճի արագացում՝ նախքան արբունքը.
5. Արգանդի հիւծում (atrophy), դաշտանի խանգարում, կրծքագեղձերու ենթածաւալում, ծլիկի (clitoris) ծաւալում եւ արական յատկութիւններու յայտնութիւն:
բ. Cushing՛s disease հիւանդութիւնը, որ կը յառաջանայ շաքարային ներազդակներու առատ արտադրութենէն: Այս հիւանդութեան ախտանշաններն են՝
1. Արեան զարկերակային ճնշումի բարձրացում.
2. Արեան շաքարի, ACTH-ի եւ cortisole-ի բարձրացում.
3. Սրտի արագ զարկ եւ գերաշխատանք.
4. Գիրութիւն, դէմքի ուռուածութիւն (moon face).
5. Բարակ բազուկներ եւ սրունքներ.
6. Մորթի փափուկութիւն.
7. Ոսկրափխրում (osteoporosis) եւ երիկամներու քարեր.
8. Դաշտանի խանգարում:
գ. Գեր-aldosteronism հիւանդութիւնը, որ կը յառաջանայ առատ aldosterone-ի արտադրութենէն: Այս հիւանդութեան ախտանշաններն են՝
1. Զարկերակային ճնշումի բարձրացում.
2. Արեան կալլիումի նուազում եւ նատրիումի բարձրացում.
3. Մորթի թմրութիւն.
4. Երիկամներու խանգարում եւ առատամիզութիւն (polyuria):
Արհեստականօրէն կը պատրաստուին մակերիկամի ներազդակներու համազօր՝ շաքարային, մետաղային եւ արական ներազդակներ, ինչպէս նաեւ adrenaline-ը եւ noradrenaline-ը, որոնք կը գործածուին բժշկութեան մէջ զանազան հիւանդութիւններու եւ անբնական կացութիւններու պարագային:
Ա. Արհեստական շաքարային ներազդակները կը գործածուին՝
ա. Բորբոքումներու դէմ,
բ. Արգելք հանդիսանալու համար օրկաններու փոխպատուաստումի մերժողականութեան (rejection),
գ. Ինքնագործ դիմադրողական (autoimmune) հիւանդութիւններու դէմ,
դ. Շնչահեղձութեան դէմ (asthma)՝ հակակշռելու համար շունչի դժուարութիւնը,
է. Մարմնական ընդհանուր եւ մորթի գերզգայնութեամբ յառաջացած հիւանդութիւններու դէմ:
Բ. Արհեստական մետաղային ներազդակները, մասնաւորապէս՝ Aldosterone-ը, կը գործածուին՝
ա. Կանոնաւորելու երիկամներու աշխատանքը,
բ. Կանոնաւորելու մարմինի նատրիումի եւ կալլիումի քանակաչափը եւ անոնց փոխյարաբերութիւնը,
գ. Կանոնաւորելու մարմինի ջուրի քանակը,
դ. Կանոնաւորելու մարմինի զարկերակային ճնշումը:
– Արհեստական արական ներազդակները եւ Adrenaline-ը բժշկութեան մէջ կը գործածուին տարբեր-տարբեր ձեւերով եւ յստակ պայմաններով:
Արհեստականօրէն պատրաստուած ներազդակները կը գործածուին զանազան ձեւերով.
ա. Մորթային-մակերեսային (topical) գործածութիւն՝ մորթային հիւանդութիւններու դէմ. բ. Բերանային գործածութիւն՝ մարմնական շատ հիւանդութիւններու դէմ: Բերանային գործածութեան պարագային, ներազդակները կ՛առնուին կերակուրի հետ, կամ ուտելէ անմիջասպէս ետք:
գ. Շնչառական (inhalation) գործածութիւն՝ խոռոչատապի (sinusitis), խռչափողատապի (laryngitis), ցնցղատապի (bronchitis) եւ թոքատապի դէմ.
դ. Ենթամորթային (subcutaneous) գործածութիւն.
է. Ներերակային (intravenous) գործածութիւն:
– Արհեստականօրէն պատրաստուած corticosteroids-ները կը գործածուին որպէս դարմանամիջոց հետեւեալ հիւանդութիւններու պարագային.
1. Մակերիկամի անբաւարարութիւն եւ ենթագործութին (Adrenal insufficiency)
2. Մակերիկամի ընդոծին գերծաւալում (congenital adrenal hyperplasia)
3. Յօդացաւ, յօդաբորբ, ջլաբորբ (tendonitis) եւ մկանացաւ
4. Քնքազարկերակի բորբոքում
5. Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (allergy)
6. Լեարդաբորբ
7. Հաստ աղիքի բորբոքումներ եւ հիւանդութիւններ
8. Մորթային հիւանդութիւններ
9. Աչքի հիւանդութիւններ, մասնաւորաբար՝ անօթապատեանի բորբոքում (uveitis).
10. Շնչառական համակարգի հի-ւանդութիւններ՝ մնայուն շնչահեղձութիւն (asthma), խռչափողատապ, շնչափողատապ (trachiitis).
11. Վարակիչ միակորիզ բջիջախտ (infectious mononucleosis):
Հետեւեալ թելադրութիւնները շահեկան են այս ներազդակներու երկարատեւ գործածութեան պարագային.
Ա. Հիւանդը պէտք է գործածէ նաեւ կիր (calcium) եւ «D» կենսանիւթը.
Բ. Այս ներազդակներու գործածութիւնը կարելի չէ կասեցնել յանկարծակիօրէն, այլ՝ գործածուած ներազդակին քանակը աստիճանաբար պէտք է նուազեցնել եւ ապա՝ բնաւ չգործածել.
Գ. Այս ներազդակները ազատօրէն պէտք չէ գործածուին այն անհատներուն կողմէ, որոնք կը տառապին հետեւեալ հիւանդութիւններէն.
ա. Երիկամի եւ հաստ աղիքի ցպկային բորբոքում
բ. Ստամոքսի խոց (ulcer)
գ. Զարկերակային գերճնշում
դ. Ենթա-վահանագեղձութիւն (hypothyroidism)
է. Աչքի սողնախտ (herpes)
զ. Թոքախտ
է. Ոսկարափխրում
Դ. Այս ներազդակներու գործածութեան ընթացքին որեւէ պատուաստ կամ մորթի վրայ գերզգայնութեան քննութիւն պէտք չէ կատարել.
Է. Ալքոլը քիչ քանակութեամբ պէտք է սպառել.
Զ. Aspirine եւ aspro պէտք չէ գործածել.
Է. Յղի կիներ եւ կաթնտու մայրեր շատ պարտաւորիչ պարագաներու միայն պէտք է գործածեն այս ներազդակները:
– Արհեստականօրէն պատրաստուած ներազդակներու երկարատեւ գործածութիւնը կրնայ յառաջացնել շատ բարդութիւններ եւ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝
1. Cushing՛s disease
2. Addison՛s disease
3. Դիմադրողական համակարգի տկարացում.
4. Մարմնական բորբոքումներ, ցաւ եւ ջրուռեցք (edema).
5. Արեան շաքարի բարձրացում, insuline-ի դիմադրութիւն (resistannce).
6. Արեան ճնշումի բարձրացում ու անկանոն սրտի զարկ.
7. Հոգեբանական-յուզական խանգարումներ, ինչպէս՝ անձկութիւն (anxiety). ընկճուածութիւն, ճնշուածութիւն (depression) եւ ջղագրգռութիւն.
8. Դաշտանի խանգարում կամ դաշտանադադար.
9. Ակնաքօղ (cataract), խաժախտ (glaucoma).
10. Ենթա-վահանագեղձութիւն, ձուարանի (ovary) եւ ամորձիի (testicle) նուազ աշխատանք (hypogonadism).
11. Ստամոքսի խոց (peptic ulcer) նողկանք, փսխունք, ստամոքսի ցաւ, արիւնահոսութիւն. 12. Ոսկրափխրում ու ոսկորներու կոտրուածք.
13. Մորթային անբնական երեւոյթներ՝ մորթի բարակութիւն, փափուկութիւն, կարմիր ցան, փշտիկներ, պզուկ, այրուածքի զգացում, գլխու հերաթափութիւն, մարմինի մազակալում՝ մանաւանդ երեսի վրայ…
14. Շրթունքներու շուրջի մորթի գրգռութիւն եւ քերուըտուք.
15. Յոգնածութիւն, մկանային պռկումներ եւ ցաւ, ինչպէս նաեւ մատներու թմրութիւն.
16. Սեռային փափաքի եւ սեռային կեանքի կարողականութեան նուազում:
(Շար. 2 եւ վերջ)