
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հրահանգով Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հարցաքննութիւն բացած ու տեղեկագիր մը պատրաստած Պետական հարցաքննութեան խորհուրդը հասած էր այն եզրակացութեան, որ Տինքի սպանութեան մութ ծալքերը բաւականաչափ չեն հարցաքննուած ու այս դատավարութիւնը բացարձակապէս չէ գոհացուցած հանրային կարծիքը։ Տեղեկագիրը ճշդած է, որ լրաքաղութեան մարմիններն ու ապահովութեան շրջանակները լուրջ թերացումներ ունեցած են իրարու հետ գործակցելու ու ստացուած լրատուութիւններու լոյսին տակ Հրանդ Տինքին կեանքը պաշտպանելու գործին մէջ։ Այս կարեւոր կէտին չափ կարեւոր երկրորդ դիտարկումը այն է, թէ Թուրքիոյ մէջ պետական պաշտօնեաները կը պաշտպանուին ծածուկ անձեռնմխելիութեան մը զրահին տակ եւ թէ այս դրութիւնը պէտք է փոխուի ու բոլոր պետական պաշտօնեաները առնուազն սկզբնական կարգի դատարաններու մէջ պէտք է հարցաքննուին։
Շատերու կարծիքով, պետական հարցաքննութեան խորհուրդի այս տեղեկագիրը աւետաբեր է այն մասին, թէ կարեւոր քայլեր պիտի առնուին դատական համակարգէ ներս պաշտօնավարներու պատասխանատուութեան հարցին մէջ։
Հետաքրքրական է նաեւ, որ պետական հարցաքննութեան խորհուրդի տեղեկագիրը «գաղտնի» տեղեկագիր որակուեցաւ ու անոր միայն վերջին մասը հրատարակուեցաւ համացանցի վրայ, այդ ալ՝ կարգ մը նախադասութիւններ սեւով ծածկուած վիճակի մէջ։ Հարց կը տրուի, թէ ինչե՞ր կան գաղտնի պահուած մասերուն մէջ։
Իրաւագէտներ կը պահանջեն, որ այս տեղեկագիրին հիման վրայ հիմա նոր դատավարութիւն կատարուի Տինքի սպանութեան հարցով, բայց Տինքի փաստաբաններէն մէկը յիշեցուց, որ նախորդ դատավարութիւնը տակաւին պաշտօնապէս վերջացած չի նկատուիր, որովհետեւ անիկա յղուած է վճռաբեկ ատեան։ Այս վերջինին վճիռէն ետք է, որ կարելի պիտի ըլլայ մտածել նոր դատավարութեան մը մասին։
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին, Տինքի սպանութեան գործով Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանի վճիռը, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ խորհուրդի տեղեկագիրին ամբողջութիւնը ներկայացուեցան Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան յատուկ լիազօրութիւններով օժտուած դատախազ Մուամմար Աքթաշին, որ ներկայացուածները ուսումնասիրելէ ետք՝ պիտի որոշէ, թէ նոր հետաքննութիւն մը պէ՞տք է բացուի, թէ ոչ: