
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) շէնքին մէջ Երկուշաբթի, 20 Փետրուարին, մեկնարկած է Զինուած ուժերու (ԶՈՒ) ղեկավար կազմի եռօրեայ հաւաքը:
Ըստ ՊՆ հրապարակած հաղորդագրութեան հաւաքին կը մասնակցին ՊՆ եւ ԶՈՒ գլխաւոր սպայակոյտի վարչութիւններու, առանձին բաժիններու պետերը, բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարները, ռազմաուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու եւ ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարական կազմը:
Հաւաքին նպատակն է բարձրացնել եւ կատարելագործել սպայակոյտի սպաներու գիտելիքներն ու ունակութիւնները՝ ռազմավարութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ, հաւաքի մասնակիցներուն առաւել մանրակրկիտ ներկայացնել ՀՀ Զինուած ուժերու զարգացման ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներուն ընթացքն ու արդիւնքները:
Հաւաքին նպատակն է նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու դասախօսութիւններով ծանօթացնել ՀՀ արտաքին ու ներքին քաղաքակութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացնել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ուժային այլ կառոյցներու միջեւ փոխգործակցութեան հարցերը:
Առաջին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Դասախօսութիւններով ու ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան, Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, ԶՈՒ գլխաւոր սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի այլ ներկայացուցիչներ: