ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՖՖի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակած է Հայաստանի հաւաքականի կազմը, որ կը նախապատրաստուի Փետրուար 28ին եւ 29ին Սերպիոյ եւ Գանատայի հաւաքականներու դէմ կայանալիք խաղերուն:
Նորեկներու շարքին են հոլանտական «Այաքս»ի կիսապաշտպան Արազ Օզբիլիսը եւ «Զուոլլէ»ի յարձակող Նորայր Մամեդովը: Հաւաքականին մաս կազմելու հրաւիրուած են նաեւ երիտասարդական հաւաքականի քանի մը մարզիկներ: