ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնը Փետրուար 27ին Երեւանի մէջ պիտի սկսի բանակցութիւններու՝ Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագրման դիւրացման համաձայնագիրներու շուրջ։
Եւրոմիութիւնը Հայաստանի հետ շարժուն գործընկերութեան սկիզբ դրած է 2011 Հոկտեմբերին: Եւրոմիութեան տասը երկիրներ՝ Պելճիքա, Պուլկարիա, Չեքոսլովաքիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Հոլանտա, Լեհաստան, Ռումանիա, Շուէտ գործընկերութեան ծիրին մէջ շատ լաւ առիթ կու տան Հայաստանի՝ կառավարելու գաղթականութեան, իրազեկման, ընդելուզման եւ պաշտպանելու գաղթականութեան եւ վերադարձողներուն, կ՛աջակցին երկրին՝ պայքարելու արտագաղթի եւ մարդու օգտագործման դէմ:
Նշենք, որ մուտքի արտօնագիրի ձեռքբերումը դիւրացնել չի նշանակեր, որ արտօնագիրի կարիք պիտի չըլլայ։ Այս գործընթացով կարելի չէ առանց արտօնագիրի ճամբորդել, սակայն այս մէկը շատ կարեւոր քայլ է այդ իմաստով: