
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանական «Ռապոչայա Կազեթա»ն իր Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին լոյս տեսած թիւով մեծ հիասթափութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ, Վիքթոր Թոլոքինի ստորագրած մէկ յօդուածին պատճառով: Ատրպեճանական «vesti.az» կայքը նկատած է, որ թերթին մէջ օգտագործուած է «Լեռնային Ղարաբաղ՝ հինաւուրց հայկական հող» արտայայտութիւնը:
Յօդուածին մէջ կը խօսուի Խորհրդային Միութեան բանակի ռազմածովային ուժերուն մէջ ծառայած 90ամեայ Հմայեակ Սաֆարեանի մասին, որ ծնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ շրջանի Քեմրաքուչ գիւղին մէջ:
Այս յօդուածը խստօրէն անհանգստացուցած է ատրպէյճանցի լրագրողները, որոնք դիմած են ուքրանական թերթին, սակայն անոնց բողոքը արդիւնք չէ տուած:
«Մեզմէ ո՛չ ներողութիւն խնդրեցին, ո՛չ ալ խոստացան, որ սրբագրութիւն պիտի տպագրեն», գրած է յուսախաբ «vesti.az»ը՝ ցաւ յայտնելով, որ Ատրպէյճանի հետ այս ձեւով կը վարուի ռազմավարական գործընկեր պետութեան մը լրատուամիջոցը: