ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 24ին կը հաղորդէ, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտարարած է. «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, որ Իրանի դէմ ուղղուած որեւէ ռազմական գործողութիւն՝ իր լիակատար ոչնչացման պիտի յանգեցնէ»:
Նախարարը աւելցուցած է, որ Իրանի հասցէին իսրայէլացի պաշտօնեաներու հնչեցուցած սպառնալիքները առնուազն ծիծաղելի են՝ հաշուի առնելով Իրանի ռազմական ներուժը եւ Իսրայէլի վարչակարգին դէմ պայքարելու լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան փորձառութիւնը։ «Լիբանանը արաբական միակ երկիրն է, որ բացայայտ կերպով Իսրայէլի դէմ հանդէս կու գայ։ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ազատութեան իսկական մարտիկ է», ընդգծած է ան։