ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցեալ շաբաթ, լիբանանեան-թրքական ընկերակցութիւնը «Օվըրսիզ Էճիւքէյշըն Էյճընսի»ի հետ կազմակերպած էր թրքական 16 համալսարաններու հաւաք՝ «Մոնրօ» պանդոկին մէջ: Խումբ մը ԼԵՄականներ եւ ԶՈՄականներ երեկոյեան մուտք գործեցին պանդոկի ցուցասրահ եւ կոչեր ցրուեցին՝ իրարանցում ստեղծելով:
Կոչերուն մէջ կ՛ընդգծուէր լիբանանեան բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն ունեցած բարձր մակարդակը կրթական մարզին մէջ: Կը նշուէր նաեւ, որ թրքական կրթական համակարգին պատճառով ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտ սերունդներ կը դաստիարակուին:
ԼԵՄականները եւ ԶՈՄականները իրենց կոչերուն մէջ նշեցին, որ Թուրքիա ներկայիս կը շահագործէ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապը, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները ուսանելու համար Թուրքիա հրաւիրելով՝ զանոնք թրքական քաղաքական եւ տնտեսական գործօնի վերածէ: Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ լիբանանեան ազգային շահերը ամէն նկատառումէ վեր դասելու եւ զգուշանալու լիբանանցիներուն տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ թրքական ներթափանցման հետեւանքներէն:
Հաւաքին ներկայ թուրքերը չկարենալով զսպել իրենց զայրոյթը՝ յարձակեցան ԼԵՄականներուն եւ ԶՈՄականներուն վրայ, ինչ որ կարճատեւ միջադէպի պատճառ դարձաւ, սակայն շուտով հարցը իր լուծումը գտաւ: