ԵՐԵՒԱՆ.– «Բանակն իրականում» նախաձեռնութեան համաձայն, խաղաղ պայմաններու մէջ Զինուած ուժերու շարքերուն մէջ մահացած զինուորական ծառայող Վալերի Մուրատեանի մայրը՝ Նանա Մուրատեան, դիմած է ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանին՝ պահանջելով պատժել եւ աշխատանքէն հեռացնել այն ոստիկանը, որ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորած էր իր զոհուած որդիին նկարին հանդէպ:
Նշենք, որ նախորդ Հինգշաբթի Հայաստանի նախագահի նստավայրին դիմաց տեղի ունեցող ցոյցին ընթացքին ոստիկանը ճմռթկած էր Նանա Մուրատեանի ձեռքը գտնուող զոհուած զինուորին լուսանկարը։