ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու հակահայ թրքամոլութեամբ կատղած զանգուածները մեծագոյն ցնծութեամբ ողջունեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին վերջին՝

Փետրուար 28ի որոշումը, որ «հակասահմանադրական» հռչակեց Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան զոյգ պալատներուն կողմէ հաստատուած՝ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն ու օրէնքով պատժելի իրաւախախտում յայտարարող հանրածանօթ օրինագիծը։
Եւ ինչպէ՜ս չցնծար հայասպան Թուրքիան, որ ուղղակի մոլեգնած էր ի լուր եւ ի տես Ցեղասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական Օրինագիծի որդեգրումին՝ նախագահ Սարքոզիի կառավարութեան, Ազգային Ժողովին եւ Ծերակոյտին կողմէ։ Թուրքիա տուն կանչած էր Փարիզէն իր դեսպանը, ֆրանսական ապրանքներու ներածումը արգիլած էր եւ, ըստ ամենայնի, ժիհատի՝ «սրբազան պատերազմ»ի ձեռնարկած էր Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն ու նախագահ Սարքոզիի եւ անոր կառավարութեան դէմ։
Անզօր կատաղութեան մատնուած թրքական պետութեան համար բառացիօրէն փրկարար լաստ եղաւ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումը եւ դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Անգարա այս աստիճան գինովցած է այսպէս կոչուած «թրքական լոպիինկի յաղթանակ»ով…
Նոյնպէս դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ իրաւատէր Հայաստանն ու հայութիւնը, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր ափերու հայօճախները, պետական կառոյցներով թէ քաղաքական–հասարակական բոլոր հոսանքներով, պաղարիւնութեամբ ընկալեցին Ցեղասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական Օրինագիծին «հակասահմանադրական» հռչակումը՝ նոյնինքն Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ։
Ֆրանսայի դէմ հայկական ջղագար պոռթկումներու դուռ չբացաւ Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումը, որ անկասկած ոչ–սահմանադրական դրդապատճառներ ունէր…
Խուճապի մատնուելու ոչ մէկ պատճառ ունէր հայ քաղաքական միտքը։ Ֆրանսական պետութեան նման դեդեւումը նախատեսելի էր այն պահէն, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը իր կարգին վաւերացուց Օրինագիծը, բայց թրքական ազդեցութեան տակ գտնուող ու փոքրամասնութեան մէջ յայտնուած ծերակուտականները, Ազգային Ժողովի իրենց «համախոհ» խորհրդարանականներուն հետ, նախաձեռնեցին Սահմանադրական խորհուրդի մօտ Օրինագիծին «սահմանադրականութիւն»ը վիճարկելու քայլին։ Կարիքը չկար խորիմաց քաղաքագէտ ըլլալու՝ անդրադառնալու համար, որ նոյնինքն նախագահ Սարքոզի փաստօրէն չուզեց արագ շարժիլ եւ, Օրինագիծի բանաձեւման վերախմբագրումով, չփութաց կանխելու անոր սահմանադրական հիմնաւորումը հարցականի տակ դնող Սահմանադրական Խորհուրդի վճռահատումը։
Հայաստանի եւ հայութեան համար այդ պահէն իսկ պարզ էր, որ ֆրանսական իշխանութիւնները ըստ ամենայնի չէին ուզեր լիովին անզօր կատաղութեան մէջ ձգել թրքական պետութիւնը։ Մանաւանդ որ Ֆրանսա եւ Թուրքիա սերտ կապեր ունին տնտեսական, առեւտրական եւ ռազմարդիւնաբերական մարզերու մէջ եւ արհամարհելի չէ ուժը ֆրանսական այն շրջանակներուն եւ ազդեցութեան կեդրոններուն, որոնք ի սպաս թրքական պետութեան լոպիինկի ու լծակներու նկատառելի դաշտ կը ստեղծեն…
Հետեւանքը եղաւ Սահմանադրական Խորհուրդի Փետրուար 28ի որոշումը, որուն անշուշտ անմիջապէս հակազդեց Ֆրանսայի նախագահը՝ իր կառավարութենէն պահանջելով, որ վերախմբագրէ եւ վերստին օրէնսդիր իշխանութեան հաստատումին ներկայացնէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող ու պատիժի արժանացնող Օրինագիծը։
Նախագահ Սարքոզի այս առիթով վերահաստատեց նաեւ իր վճռականութիւնը՝ մինչեւ վերջ պայքարելու ի խնդիր Օրինագիծի վերջնական որդեգրումին եւ կիրարկումին։
Այս բոլորը հասկնալի են, նոյնիսկ եթէ արդարանալի չեն։
Եւ այս բոլորով հանդերձ դժուար է հասկնալ, թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը ի՞նչ տրամաբանութեամբ «հակասահմանադրական» գտաւ Օրինագիծը։
Փետրուար 28ի «Սահմանադրական» վճռահատումին պաշտօնական ձեւակերպման համաձայն, Ցեղասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող Օրինագիծը կը կաշկանդէ եղեր Ֆրանսական Սահմանադրութեամբ ամրագրուած քաղաքացիներու խօսքի ազատութիւնը։
Խօսքի՝ մտածումի, կարծիքի եւ արտայայտուելու ազատութիւնը անշո՛ւշտ տիեզերական արժէք է, որուն պաշտպանութեան համար եթէ ոչ ոք, բայց հայը անպայման պատրաստ է իր կեանքն անգամ նուիրաբերելու, նոյնիսկ եթէ թուրքին խօսքի ազատութեան կը վերաբերի հարցը։
Հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական այս որակին թերեւս մօտէն ծանօթ չէին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին այն անդամները, որոնք՝ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու հիմնաւորումով՝ «հակասահմանադրական» հռչակեցին Ցեղասպանութեան Ժխտումը իբրեւ քրէական յանցագործութիւն պատժող Օրինագիծը։
Բայց անկասկած անոնք շատ լաւ կը գիտակցէին, որ իրենց այս «սահմանադրական» վճռահատումով փորձեցին արդարացնել ոչ միայն կաշկանդումը, այլեւ վայրագ ոտնակոխումը մարդկային իրաւանց եւ ազատութեանց տիեզերական արժէքներուն ամէնէն առանցքայինին՝ կեանքի՛ իրաւունքին, որուն ածանցեալ են եւ որմէ իրաւականութիւն կը ստանան միւս բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները։
Յատկապէս Ֆրանսական Սահմանադրութեան եւ անոր ամրագրած տիեզերական արժէքներուն անկաշառ պաշտպանութիւնը ստանձնելու երդում կատարած այս սահմանադրականները ինչպէ՞ս կրնան, երբեւիցէ կրնա՞ն արդեօք, արդարացնել Կեանքի Իրաւունքին սահմանադրական պաշտպանութենէն իրենց կատարած դասալքութիւնը։
Չե՛ն կրնար։
Չեն կրնար մանաւանդ այն պատճառով, որ նոյնինքն Սահմանադրական Խորհուրդի քսանամեայ վաղեմութեամբ մէկ այլ վճռահատումով՝ Ֆրանսայի մէջ «սահմանադրական» հռչակուած է մէկ այլ Օրինագիծ, որ Հրէական Ողջակիզման Ժխտումը քրէական յանցագործութիւն կը նկատէ եւ պատիժի արժանի։
Եւ այդ սահմանադրական նախադէպին վրայ խարսխուած է, փաստօրէն, Ցեղասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող ներկայ Օրինագիծը, որ այսքա՜ն «հոգու խաղաղութեամբ» հակասահմանադրական կը հռչակուի իրենց կողմէ, այսօր։
Կ՛ընդգծենք «այսօր»ը, որովհետեւ Հայասպանութեան նկատմամբ Թրքական Ժխտողականութիւնը ոչ միայն կտրած–անցած է արտօնելի ամէն սահման, այլեւ՝ ներշնչման ու խրախուսման աղբիւր դարձած է թրքական այլամերժութեան ցեղասպանական նորօրեայ մոլեգնութեանց համար։
24 տարի առաջ այս օրերուն գործադրուած Սումկայիթի Սպանդը հաւանաբար կարելի ըլլար կանխել, եթէ Հայասպանութեան Ժխտումը քրէականացնող ու պատժող Օրինագիծը շատոնց որդեգրուած ըլլար եւ անպատժելիութեան «խրախոյս»էն զրկած ըլլար համաթրքական հայատեացութիւնը։
Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը շատ լաւ գիտէր այս ամէնը, բայց Փետրուար 28ի իր որոշումը կայացնող սահմանադրագէտներով նախընտրեց արջու ծառայութիւն մատուցել թրքանպաստ ուժերու ճնշումներուն։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածքին այս օրերուն մոլեգնած հակահայ ցոյցերն ու ռազմագոռ սպառնալիքները միայն խրախուսանք կրնան ստանալ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի Փետրուար 28ի որոշումով՝
Հայուն Կեանքի Իրաւունքին դէմ Թուրքին Խօսքի Ազատութեան իր «օրհնութիւն»ը շնորհած Ֆրանսայի Սահմանադրական վճռահատումով։
Բայց պայքարը տակաւին իր տարերքին մէջ է եւ պահանջատէր հայութիւնը խոնարհող եղէգ չէ։