
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ԱՌԱՆՑ ՃԱԶ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼՍԵԼՈՒ՝ ՄԻ՛ ԸՍԷՔ «ՃԱԶ ՉԵՄ ՍԻՐԵՐ»
Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայ գաղութը, առաջին անգամն ըլլալով ներկայ գտնուեցաւ հայկական եւ ամերիկեան յայտագիրով ճազի երաժշտական երեկոյթի մը, որ իր պատմական հետքը պիտի ձգէ մեր հայ գաղութին մէջ:
Նախաձեռնութեամբ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին, ու գործակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ, բազմաթիւ երաժշտական գործերու հեղինակ Աւիկ Բերբերեանի՝ «Նիւ Եորք-Երեւան Ճազ» քառեակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 18ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ երաժշտասէր հոծ բազմութեան մը:
Երաժիշտ նուագողներու ղեկավարն էր հայրենի անուանի ճազի դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան՝ Հայաստանի համբաւաւոր եւ ժողովրդականութիւն վայելող երաժիշտներէն մէկը: Վ. Հայրապետեան աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը եւ ստացած է դաշնակի ու երգագրութեան վկայականներ: Վահագն շարունակած է ճազի իր մասնագիտութիւնը Նիւ Եորքի մէջ, Պարի Հարիսի եւ Ֆրենք Հիւվիդի նման ճազի առասպելական վարպետներու հետ: Վ. Հայրապետեան մասնակցած է համաշխարհային բազմաթիւ ճազի փառատօներու, որոնց կարգին կ՛արժէ յիշել Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Նիւ Օրլինզի եւ Մոսկուայի փառատօները:
Վահագնի նուագակիցներն էին՝
– Արի Ռոնալտի (Bass). Արի արհեստավարժ ճազ նուագող եղած է 16 տարեկանին եւ դասական

երաժշտութիւն սորված է «Ճուլիարտ» երաժշտանոցին մէջ. ան գործակցած է աշխարհահռչակ ճազի վարպետներու հետ, ինչպէս՝ Պարի Հարիս եւ Պեթի Քարթըր: Այժմ Արի Ռոնալտ կը ղեկավարէ «Համայնքային ճազի ապագան» ծրագիրը՝ Կիպրոսի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան համար, ինչպէս նաեւ «Ամերիկեան ճազ՝ Սուրիոյ մէջ» ծրագիրը՝ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆի դեսպանատան համար:
– Քիթ Պալլա (Drums). Ծնած է Օսթըն, Թեքսաս եւ փոխադրուած է Նիւ Եորք 2004ին. աշակերտած է նշանաւոր թմբկահար Քենի Ուաշինկթընի. 17 տարեկանին սկսած է աշխատելու իբրեւ արհեստավարժ թմբկահար: Ք. Պալլա բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Ամերիկայի տարածքին, նաեւ պարբերական ելոյթներ կ՛ունենայ Նիւ Եորքի մէջ, ուր կ՛աշխատակցի ճազի ամենափայլուն աստղերուն հետ: Ան դասաւանդած է ճազի թմբկահարութեան դասընթացքներ Ամերիկայի մէջ թէ այլուր, եւ իբրեւ համբաւաւոր երաժշտագէտ՝ շատ փնտռուած է ճազ նուագողներու կ՛ողմէ:
– Զայետ Նասեր (Saxophone). Ծնած եւ հասակ նետած է Նիւ Եորք քաղաքին մէջ. Զայետ զաւակն է ճազի եւ պլուզի վարպետ Ժամիլ Նասերի: Փոքր տարիքէն սորված է ճազը. այս երաժշտութեան ամենահմուտ եւ տաղանդաւոր մեկնաբանողներէն է: 19 տարեկանին փոխադրուած է Մեմֆիս՝ պլուզի ծննդավայրը, ուր կը մնայ երկու տարի եւ կ՛աշխատակցի ճազի տեղական արուեստագէտներու հետ: Ներկայիս Զայետ իր ժամանակին մեծ մասը կը տրամադրէ համաշխարհային երաժշտական շրջագայութեան՝ որպէս արուեստի դեսպան ամերիկեան այս արուեստին՝ ճազին:

Ըստ ինծի հասած տեղեկութիւններուն՝ այս երեք ամերիկացի երաժիշտներն ալ, մէկէ աւելի անգամներ եղած են Հայաստան, ծանօթ են հայ մշակոյթին ու երաժշտութեան, նաեւ՝ քիչ մը հայ լեզուին:
Ահաւասիկ այս հոյակապ քառեակն է, որ իր երաժշտական բարձր կատարողութեամբ, ներկայացուց ամերիկեան ու հայկական երգերու սքանչելի ճազային փունջ մը այդ երեկոյեան՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու, մշակութասէր հասարակութեան կողմէ:
Վահագն Հայրապետեանի «Նիւ Եորք-Երեւան Ճազ» քառեակի ելոյթը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ընդգրկեց ոչ միայն համաշխարհային ճազ երաժշտութեան գոհարներ, այլեւ՝ հայկական ժողովրդական եւ էսդրատային յայտնի երգեր՝ մշակուած յատուկ ճազի համար: Համերգի ընթացքին ճազի մշակումով հնչեցին Կոմիտասի «Լորիկ»ը, «Քէլէ Քէլէ»ն ու «Կաքաւիկ»ը. Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Առնօ Պապաճանեանի, Արտեմ Այվազեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի եւ այլոց գլուխ գործոցներու առաջին ճազային ունկնդրութիւններն էին, որոնք ներկաներուն հոգեկան վայելքներու առիթը ընծայեցին՝ համոզելով, թէ ճազն ալ երաժշտութեան այն տեսակներէն մէկն է, որ կարելի է սիրել, անշուշտ, կախում ունի թէ՝ որո՞նք են նուագողները: Քառեակի իւրաքանչիւր անդամ առանձնաբար գնահատանքի արժանի է, թէ՛ իր խմբային կատարումներով եւ թէ իր մենանուագներով: Իմ համեստ կարծիքով՝ իրենց միայն կը պակսի հայերէն ճազ երգող մը:
Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ հայ մշակոյթէն ներս թափանցած է ճազ երաժշտութիւնը: Երեւանի մէջ առաջին ճազ-խումբը հիմնադրուած է 1936ին, յօրինող Ցոլակ Վարդազարեանի կողմէ: 1938ին յօրինող Արտեմ Այվազեան առաջին անգամ Խորհրդային Միութեան մէջ կը հիմնէ Հայաստանի պետական ճազի նուագախումբը: 1954ին, Կոնստանդին Օրբելեան կը կազմէ էսդրատային հնգեակ մը՝ Հայաստանի ձայնասփիւռի կայանին մէջ, ապա երիտասարդ յօրինող Մարտին Վարդազարեան կը հիմնէ էսդրատային նուագախումբ մը, որ 1970ին կը վերանուանուի «Էսդրատային Սիմֆոնիք նուագախումբ»՝ ղեկավարութեամբ Մելիք Մաւիսագալեանի եւ Երուանդ Երզնկեանի:
Աւելի ուշ, Ստեփան Շաքարեան կը հիմնէ «Ռատիոյի ճազ» վեցեակը, իսկ ճազի եռեակներ կը հիմնադրուին Դաւիթ Ազարեանի եւ Արտաշէս Քարթալեանի կողմէ: Հետագային, նաեւ ճազի դաշնակահար Լեւոն Մալխասեան՝ «Մալխաս», կը կազմէ իր ճազի եռեակը՝ համագործակցելով Արմէն Թութունճեանի եւ Արթիւր Աբրահամեանի հետ:
Ժամանակակից հայկական ճազի առաջատարներն են Վահագն Հայրապետեան (դաշնակահար), Արմէն Մարտիրոսեան (խմբավար, դաշնակահար), Արմէն Հիւսնունց (սաքսըֆոն) եւ ուրիշներ:
Այսպիսով, գաղափար մը կ՛ունենաք այն մասին, թէ 75 տարիներ առաջ ճազը ինչպէ՛ս մուտք գործած է հայ երաժշտական իրականութեան մէջ: