ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շրջանի ՀՄԸՄին համար ԱՄՆի «Նախաaգահներու օր»ուան նուիրուած երկար շաբաթավերջը միշտ վերապահուած է ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղին, որ այդ օրը կը կազմակերպէ տարեկան իր գլխաւոր եւ միակ մեծագոյն միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ տեղւոյն հայկական գաղութին մէջ:
Բարձր դասակարգերու համար կազմակերպուած այս մարզախաղերը յաջողութեամբ իրագործուեցան 18, 19 եւ 20 Փետրուար 2012ին, Alliant International համալսարանի վեց մարզադաշտերուն վրայ: Մասնաճիւղը, գործակցաբար Շրջ. մարզական խորհուրդին, կրցած էր բծախնդրութեամբ կազմակերպել եզակի այս մարզախաղերը, որոնք հեզասահ ընթացան, առանց որեւէ պատահարի: Գնահատելի երեւոյթ էր ներկայութիւնը Շրջ. մարզական խորհուրդի ամբողջական կազմին, որ հսկելով ընդհանուր աշխատանքներուն՝ ուժ եւ կորով ներշնչեց մասնաճիւղին եւ մրցող խումբերուն:
27րդ անգամն ըլլալով կազմակերպուած այս մարզախաղերուն մասնակցեցան պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի Ա.-Գ. դասակարգերու 70 երկսեռ խումբեր՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի «Սասուն», Մոնթեպելլոյի, Փասատինայի «Ազատամարտ», Կլենտէյլի «Արարատ», Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ», Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս», Տայմընտ Պարի «Արազ», Սանթա Գլարայի «Անի», Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ, Պըրպենքի «Սիփան», Լաս Վեկասի «Արցախ» եւ կազմակերպիչ Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղերէն:
Նոյն օրերուն շրջանէն ներս գումարուած ՀՄԸՄի Հիւսիսային ԱՄՆի երեք շրջաններու Միջ-շրջանային հանդիպումը աւարտած ըլլալով՝ ժողովականները՝ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի, փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեանի եւ ատենադպիր Ռաֆֆի Ցնծալեանի ընկերակցութեամբ, Կիրակի, 19 Փետրուարին այցելեցին Alliant International համալսարանի մարզադաշը եւ ականատես եղան ընթացող մրցաշարքին: Անոնք նաեւ առանձին հանդիպում մը ունեցան «Սեւան»ի վարչութեան հետ եւ մօտէն ծանօթացան մասնաճիւղի աշխատանքներուն, որոնք գլխաւորաբար մարզական բնոյթ կը կրեն:
«27րդ տարին ըլլալով, յաջողութեամբ իրագործուեցան «Սեւան»ի այս մարզախաղերը, որուն կազմակերպչական աշխատանքներուն մեծապէս օգտակար հանդիսացան Շրջ. մարզական խորհուրդի անդամները: Այս մարզախաղերը առաջին օրէն իսկ խանդավառութեամբ ընկալուած են ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն կողմէ, որոնք իրենց յարատեւ մասնակցութեամբ կը խրախուսեն մասնաճիւղը՝ մեծապէս նպաստելով անոր գոյատեւման», գոհունակութեամբ ընդգծեց «Սեւան» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ անոր երկար տարիներու ատենապետ Ռաֆֆի Վարժապետեանը:
Յայտնենք, թէ ՀՄԸՄի «Սեւան» մասնաճիւղը հիմնուած է 14 Փետրուար 1983ին, խումբ մը հաւատաւոր ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներու կողմէ: Հակառակ Սան Տիէկոյի փոքրաթիւ գաղութին, մասնաճիւղը կրցած է գոյատեւել եւ պատմական դարձնել յատկապէս պասքեթպոլի եւ Վոլիպոլի Միջ-մասնաճիւղային այս մարզախաղերը: Մասնաճիւղը աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն:
2011-2012 տարեշրջանի վարչութեան կազմին մաս կը կազմէ երիտասարդ խմբակ մը, յանձինս քոյր-եղբայրներ՝ Վատիմ Ադաբէկեանի (ատենապետ), Փիթըր Մանուշակեանի (փոխատենապետ), Ժանէթ Մանուշակեանի (քարտուղար), Մարինա Թիւֆէնքեանի (գանձապահ), Էդի Արուշանեանի, Ռաքել Վարժապետեանի եւ Անդրէ Շամմասի: Մասնաճիւղը կը հաշուէ 106 անդամ, որոնց 86ը մարզական բաժանմունքի անդամ է, իսկ մնացեալ 30ը՝ մասնաճիւղի ընդհանուր աշխատանքներով հետաքրքրուողներ:
Մարզախաղերու ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 20 Փետրուարի ամբողջ օրը: Իւրաքանչիւր աւարտական մրցումէ ետք, մեծ ոգեւորութեամբ յանձնուեցան ախոյեանութեան բաժակները յաղթող խումբին: Մարզական այս աննախընթաց նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4ին: Մասնակցող խումբերը ուրախութեամբ մեկնեցան տուն, յառաջիկայ տարի դարձեալ նոյն մարզախաղերուն մասնակցելու համոզումով:
Ստորեւ՝ Մարզախաղերու Արդիւնքները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ (Upper)
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ»(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) եւ Փասատինայի «Ազատամարտ»(2) մասնաճիւղեր
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ (Lower)
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Անի» եւ «Սարդարապատ» մասնաճիւղեր
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Ա-1 ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) եւ «Արարատ»(4) մասնաճիւղ
Ա-2 ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս»(2) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) եւ «Մասիս»(2) մասնաճիւղեր
Ա-3 ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(3) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի եւ «Սիփան» մասնաճիւղեր
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ (Upper)
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ»(2) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ (Lower)
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ եւ Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղեր
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ (Upper)
1.- ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) եւ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղեր
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐ (Lower)
1.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղեր
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) եւ Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղեր