
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Հառիճավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի ժողով՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին։ Տէրունական աղօթքէն եւ վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքէն ետք ժողովականները անցան օրակարգի հարցերու քննարկման։
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ ժողովին նախագահեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Արեւմտեան Հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Եռօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան թեմական, կանոնական-ծխային եւ կարգապահական հարցեր։
Ժողովին ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան մասին՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արիս արք. Շիրվանեանի կողմէ։ Ան զեկուցեց Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքին առողջական վիճակին մասին՝ նշելով, որ անոր յառաջացած տարիքին պատճառով՝ զգայուն կացութեան մէջ կը գտնուի։
Զեկուցումներ ներկայացուեցան նաեւ հայ եկեղեցւոյ կանոնական եւ ծիսական հարցերով յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի գործունէութեան տարեկան հաշուետուութեան մասին։
Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեան եւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Պատրիս Ճոլոլեան տեղեկութիւններ տուին թեմական կեանքին՝ յատկապէս Նիսի նորակազմ եկեղեցական ծուխին մասին։ Անոնք զեկուցեցին նաեւ ֆրանսահայութեան պարզած իրավիճակին մասին։
Զեկուցողներուն կարգին էր նաեւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, որ խօսեցաւ թեմի պաշտօնական արձանագրութեան եւ այդտեղի սրբավայրերու վիճակին մասին:
Ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 21 Փետրուարին Կովկասի իսլամական վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի նստավայրին մէջ Ատրպէյճանի կրօնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած հակահայկական միացեալ ուղերձին, որ կը վերաբերի խոջալուի դէպքերուն եւ կ՛աղաւաղէ պատմական իրողութիւնները։ Գերագոյն խորհուրդը դատապարտելի նկատեց այս յայտարարութիւնը, որ կը հակասէ տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման միտող կոչերուն։ Ժողովականները ցաւով արձանագրեցին այն պարագան, որ ուղերձը ստորագրուած է Ատրպէյճանի կրօնական փոքրամասնութիւններուն՝ ռուս, ուղղափառ, կաթողիկէ, հրեայ համայնքներու առաջնորդներուն կողմէ։ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը դատապարտելի նկատեց այն, որ Ատրպէյճանի քաղաքական խարդաւանքներուն մէջ սկսած են ներքաշուելու երկրին կրօնական փոքրամասնութիւնները։
Ժողովը աւարտեցաւ Հառիճավանքին մէջ կայացած գոհաբանական աղօթքով: