ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ Ուրբաթ, Մարտ 2ին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է քրտերէնի նուիրուած գիտաժողով մը, որուն մասնակցած են Սուրիայէն, Իրանէն, Իրաքէն, Եւրոպայէն, Կովկասէն եւ Գանատայէն շուրջ 200 քիւրտ մասնագէտներ եւ լեզուաբաններ: Մասնակիցները նախքան գիտաժողովը, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը կորսնցուցած քիւրտերուն յիշատակը, իսկ բացման խօսքը քրտերէնով կատարած է քիւրտ քաղաքական գործիչ Ահմետ Թիւրք՝ ըսելով. «Կը փափաքինք քրտերէնը դարձնել կրթութեան, քաղաքականութեան պաշտօնական լեզուն, սակայն տարիներէ ի վեր քրտերէնի դէմ կառավարութիւնները ճնշումներ կը բանեցնեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.