
– Մարտ 2ին Իրանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Իրանի երկու ընդդիմադիր խմբաւորումները պոյքոթի կ՛ենթարկեն ընտրութիւնները՝ յայտնելով, որ անոր արդիւնքը նախօրօք ճշդուած է. խմբաւորումներուն ղեկավարները կը շարունակեն տնային կալանքի տակ մնալ։ Առաջադրուած են 3444 թեկնածուներ, որոնցմէ են Ռոպերթ Բեգլարեան (Ջուղա) եւ Կարէն Խանլարեան (Թեհրան)։
– Ֆլորիտայի մէջ կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ հանրապետականներուն քառորդը կը հաւատայ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը դիտումնաւոր կերպով կը փորձէ տնտեսութեան աճը դանդաղեցնել՝ նախագահ Պարաք Օպամայի վերընտրութեան հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար: