ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Մարտ 2ին յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Սուրիոյ մէջ իր դեսպանատունը փակել՝ միաժամանակ նշելով, որ «առանց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն տրուած որոշումի մը, Սուրիոյ մէջ որեւէ ձեւի միջամտութիւն բացառուած է»։
Իր կարգին, Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Ուրբաթ օր յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իւրայատուկ յարաբերութիւն մը չունի՝ հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ մէկ օր առաջ կատարուած պնդումին: Փութին աւելցուց, թէ սուրիացիները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ո՞վ իրենց երկրին կ՛իշխէ, սակայն պէտք է անմիջապէս կասեցնեն սպանութիւնները։
Նոյն օրը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Պուրհան Ղալիունի գլխաւորած՝ ընդդիմադիրներու Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ։ Սուրիացի ընդդիմադիրները Տաւութօղլուի հետ քննած են Իտլիպ եւ Ճապալ Զաուիա շրջաններուն միջեւ «ապահովական գօտի»ի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ այս ամսուան ընթացքին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին հարցերը։
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը գրէ, թէ մինչ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս կ՛ընդդիմանայ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին՝ ան պիտի չընդդիմանայ, եթէ այլ երկիրներ այդ քայլին դիմեն։ Օրաթերթը կը նշէ, որ Ծոցի կարգ մը արաբական երկիրներ ունին այդպիսի ծրագիրներ, որոնք կը սպառնան Ուաշինկթընի եւ այլ երկիրներու որդեգրած զգուշաւոր կեցուածքին, որ հետեւանք է այն մտավախութեան, թէ այդ քայլը կրնայ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ հրահրել. բան մը, որ ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ բռնկեցնել։
Միւս կողմէ, Միջազգային կարմիր խաչը յայտարարեց, թէ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կառավան մը մուտք գործած է Հոմս եւ կը պատրաստուի Պապա Ամրօ շրջանը մուտք գործելու։ Նշենք, որ Սուրիական բանակը Հինգշաբթի օր Պապա Ամրօ թաղամասը իր հակակշիռին տակ առաւ։