ԵԹԷ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼԸ ԿԸ ՊԱՐՏԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ,
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԵՒՍ ՎՍՏԱՀԻԼ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մտերիմ ընկեր մը վերջերս, էլեկտրոնային իր նամակով, արդարացիօրէն դիտել կու տար, թէ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ երեսնամեակին՝ 1890–1920ականներուն, հայ ժողովուրդին ազգային–քաղաքական ղեկը իրենց ձեռքն առած էին երիտասա՛րդ գործիչներ, ինչպէս Արամն ու Ս. Վրացեանը։ Իսկ ներկայիս, ազգային մեր կառոյցներն ու հաւաքական երթը առաջնորդող ղեկավար գործիչները ընդհանրապէս, հազուադէպ բացառութիւններով, առնուազն քառասունէն վեր տարիք ունին։
Դիտարկումն ու մատնանշումը տեղին են, անշո՛ւշտ։ Բայց նաեւ, անկասկա՛ծ, ինքնանպատակ չեն։ Մտահոգութեան ծնունդ են եւ կը ծառայեն հիմնաւորելու այն հարցադրումը, որ եթէ անցեալին հնարաւոր էր ունենալ ազգային մեր ճակատագրին տէր կանգնած երիտասարդ ղեկավարութիւն, ինչո՞ւ նոյնը կարելի պիտի չըլլայ նաեւ վաղը։
Հարցադրումը այնպիսի՛ն է, որ իր մէջ կը պարունակէ արդէն… իր պատասխանը։
Եւ անտարակոյս՝ դրակա՛ն պատասխան։
Առ այդ, նամակագիր ընկերս պարզապէս կ՛առաջարկէ, որ «Օրուան Մտածում»ի նիւթ դառնայ «Անցեալի եւ Ապագայի ղեկավարներ» վերնագրով բանաձեւուած իր խորհրդածութիւնը։
Յատկանշական է, որ նաեւ ազգային–քաղաքական մեր առօրեային հետ ուղղակիօրէն կապ ունի առաջարկուած քննարկումը։
Հայ քաղաքական մտքի ուշադրութիւնն ու լարումը այս օրերուն իր վրայ կեդրոնացուցած Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց օրակարգը, փաստօրէն, առաջնային իր խնդիրներու եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին դրած է հայոց պետական տան ղեկավարութեան երիտասարդացման հրամայականը։
Օրինակի համար, Հայաստանի քաղաքական ուժերուն իշխանաւոր ճամբարը, հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ղեկավարած Հանրապետական կուսակցութեան գլխաւորութեամբ, հրապարակ նետած է ՀՀ Ազգային Ժողովի յառաջիկայ կազմը երիտասարդացնելու կարգախօսքը։
Թարմ ուժերով խորհրդարան մտնելու առաջադրանքը վստահաբար ունին նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը առաջնորդող կուսակցութիւնները, որոնք սակայն չեն փորձեր քարոզչական շահարկման եւ քաղաքական դրամագլուխի «կուտակման» ծառայեցնել Ազգային Ժողովի… «երիտասարդացման» կարգախօսքը։
Եւ ճիշդ կ՛ընեն, որովհետեւ քարոզչական սպառման եւ քաղաքական շահարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ մեր պետականութիւնը ղեկավարելու կոչուած ուժին կամ ուժերուն երիտասարդացման առաջադրանքը։
Մանաւանդ որ ընդհանրապէս եւ ոչ միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ սփիւռքի տարածքին, մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ազգային–քաղաքական իր ղեկավարութեան երիտասարդացման արդէն հասունցած մարտահրաւէրը։
Իսկ երիտասարդացումը չի գար այդպէս՝ գովազդելով, «վերեւներ»ը բազմած որոշումներ կայացնելով ու անոնց իրականացման ծրագիրներ կազմելով եւ.. արդէն իշխանութեան աթոռներուն հետ նոյնացած ղեկավարութեան մը կողմէ երիտասարդ տարիքի ձեռնասուններ առջեւ քաշելով։
Այդ ճամբով արդէն «հաստատուած» ու թարմ շունչի առումով սպառած ղեկավարութիւնը պարզապէս կը վերարտադրէ ինքզինք… երիտասարդ գործակատարներու դէմքով։
Բայց այդ չէ՛, որոշապէս, երիտասարդացման անշրջելի ուղին, եթէ անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր երիտասարդացման… նմանակումին կամ կապկումին։
Անկասկած երիտասարդ տարիքը անհրաժեշտ երաշխիք է թարմութեան եւ նորարար կենսունակութեան։ Նորովի թափով յառաջ նետուելու, անհարթ ուղիներ նուաճելու եւ նոր հորիզոններու բացուելու համար անհրաժեշտ է երիտասարդ տարիք ունենալ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ժամանակի գործօնէն առաւելագոյնս օգտուիլ՝ երազներ ու նպատակներ իրագործելու համար։
Բայց երիտասարդ տարիքը բաւարար երաշխիք չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ, որպէսզի ինչպէս անհատական կեանքի մէջ, նոյնպէս եւ մանաւանդ հասարակական զարգացման առումով՝ երիտասարդութիւնը ինքնաբերաբար իր ձեռքը վերցնէ սեփական ժողովուրդին ազգային–քաղաքական ղեկը։
Լիարժէք եւ լիիրաւ ղեկավար ուժ դառնալու համար, երիտասարդութիւնը պէտք ունի իր անձնական կեանքն ու սեփական ժողովուրդի ազգային–հասարակական կեցութիւնը արմատական բարեշրջման առաջնորդող գաղափարապաշտ ներքին կրակի, հոգեփոխիչ աշխարհայեացքի եւ պայմանները յաղթահարելու յեղափոխական մարտունակութեան։
Եթէ հարիւր տարի առաջ երիտասարդ գործիչներ կրցան ղեկավար ուժը դառնալ հայ ժողովուրդին եւ հունաւորել Ազգի ու Հայրենիքի քաղաքական վերածնունդը, բացատրութիւնը պէտք է փնտռել ոչ միայն անոնց տարիքը բնորոշող թարմութեան եւ կենսունակութեան մէջ, այլեւ՝ հայոց ազգային յիշողութեան տէր կանգնելու, վաղուան «վարդահեղեղ արշալոյս»ին հաւատքով փարելու եւ անսակարկ նուիրումով հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան բագինին զոհաբերուելու անոնց յանձնառութեան ու վարակիչ օրինակին մէջ։
Գրիգոր Արծրունիները եւ Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանները բնականաբար վճռորոշ ազդեցութիւն ունեցան հայկական յեղափոխութիւնը շղթայազերծած 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդութեան գաղափարական–քաղաքական եւ հոգեբարոյական կազմաւորման վրայ։ Բայց Արծրունիներն ու Վարժապետեանները չէին կրնար եւ չկրցան ազգի ճակատագրին ղեկը յանձնել Քրիստափորներուն, Հրայր–Դժոխքներուն եւ Արամներուն։ Ազգի եւ Հայրենիքի վերականգնման մեծ պայքարը իրենց գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճելով էր, որ Ռոստոմներն ու Անդրանիկները, Նիկոլ Դումաններն ու Ռուբէնները երիտասարդ ղեկավարութիւնը դարձան հայ ժողովուրդին։
Այդ նուիրաբերումով էր, որ երիտասարդ Սիմոն Զաւարեանները իբրեւ ղեկավար ընդունուեցան իրենց տարիքը առած Քեռիներուն կողմէ։
Հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ հաւաքական կամքին հարուածող բազուկը մարմնաւորելու իրենց մարտունակութեամբ էր, որ Դրօները իրենց ձեռքը վերցուցին ազգային–քաղաքական ղեկը ոչ միայն յեղափոխական հայորդիներուն, այլեւ շինարար եւ ձեռներէց մեր ժողովուրդի խաղաղասէր բազմութիւններուն։
Տարբեր ուղի ծանօթ չէ մեր ժողովուրդին, ի դէպ նաեւ ա՛յլ ժողովուրդներու համար, որպէսզի վաղուան մեր օրը ղեկավարուի երիտասարդ գործիչներու կողմէ։
Հայ կեանքի ղեկավարութեան երիտասարդացումը տարբեր օրինաչափութեան չի կրնար հետեւիլ՝ նախ անշուշտ հայրենիքի մէջ, ապա եւ աշխարհի տարածքին, ուր կազմակերպ հայութիւն գոյութիւն ունի։
Ազգային իր առաքելութեան գիտակցութիւնը ունեցող եւ մարտունակ Սերունդի իր կոչումին գաղափարական յանձնառութեամբ, անխախտ հաւատքով ու անսակարկ անձնուիրութեամբ փարող երիտասարդութիւնն է, որ կրնայ նուաճել վաղուան մեր հաւաքական երթը ղեկավարելու իրաւունքը։
Ի վերջոյ ղեկավարութիւնը այն իրաւունքներէն է, որոնք չեն շնորհուիր, այլ սեփական պայքարով կը նուաճուին։
Եւ վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն երիտասարդութիւնը Ազգի ու Հայրենիքի ղեկը… նուէր կը ստանայ սեփական իշխանութիւնը երիտասարդ դէմքով վերարտադրելու օրակարգէն դուրս խնդիր չտեսնող «հաստատուած» ղեկավարութեան մը կողմէ…
Հաստատուած իշխանութեանց եւ ղեկավարութեանց բաժնեկից դառնալու եւ «տեղ հասնելու իրատեսութիւն»ը գլխաւոր թշնամին է ոեւէ երիտասարդութեան։