ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներ Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին հաղորդեցին, թէ կը պատրաստուի «Մեծ խաղ» կոչուած հակահայ ֆիլմաշար մը, որ պիտի ցուցադրուի երկրի պետական պատկերասփիւռի կայանէն: Ֆիլմին մէջ կը հերքուի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ հայերուն «դաւաճան»ի պիտակ կը կպցուի:
Ըստ թրքական աղբիւրներուն, ֆիլմին մէջ պիտի ցուցադրուի, թէ «հայերը ինչպէ՛ս դաւաճանած են Օսմանեան կայսրութեան», ինչպէս նաեւ պիտի բացայայտուի «հայերու եւ ռուսերու դաժանութիւնը թուրքերու նկատմամբ»:
Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուելէ ետք, ֆիլմաշարը պիտի ներկայացուի նաեւ միջազգային հանրութեան: