
Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց թեկնածու Ատրին Նազարեան ապահոված է աջակցութիւնը նահանգային շարք մը աշխատաւորական միութիւններու, որոնց տրամադրելիք նեցուկը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ Նազարեանի ընտրապայքարին համար:
Նազարեանի նեցուկ կանգնելու որոշում տուած միութիւններէն մէկն է Սպասարկութեանց մարզի աշխատաւորներու միջազգային միութեան (SEIU) տեղական մարմինը, որ ունի աւելի քան 700,000 անդամ:
Նազարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած աշխատաւորական միութիւններուն, եւ անոնց որոշումը պատիւ մը նկատելով՝ կ՛աւելցնէ, թէ ընտրուելու պարագային՝ իր կարելին պիտի ընէ աշխատաւորներուն ձայնը մայրաքաղաք Սաքրամենթօ հասցնելու համար: