Ինչո՞ւ ՀՀ նախագահը չի հասկնար իր ժողովուրդին պահանջած փոփոխութիւնը, որ՝ իշխանափոխութի՛ւնն է
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Մեր պետութեան ու հասարակութեան մէջ կան բազմաթիւ բացասական երեւոյթներ, որոնք մենք ժառանգել ենք անցեալից, եւ որոնք շարունակւում են իներցիայով։ Փոխել՝ նշանակում է առաջին հերթին յաղթահարել այդ իներցիան եւ արմատաւորել նոր աւանդոյթներ։

«… Իսկ ի՞նչն է մեզ խանգարում փոխել։ Մենք ո՞ւմից ենք պակաս։ Փոխե՛նք, որ պետական ծառայութիւն մատուցողն ու քաղաքացին ինքնայարգանք ունենան։ Իւրաքանչիւրիս արժանապատիւ կեցուածքից է սկսւում նոր Հայաստանը։
«… Ես հաւատում եմ մեր արածին ու աւելի շատ՝ անելիքներին։ Ուրեմն՝ հաւատանք, որ փոխենք»։
(Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի կուսակցապետական ելոյթէն՝
Հ.Հ.Կ. 13րդ համագումարին)
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) գումարեց իր 13րդ համագումարը, որ նախընտրական բնոյթ ունէր եւ որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը, արտասովոր նախընթաց մը ստեղծելով, հանդէս եկաւ սովորական կուսակցապետի մը պատշաճող ելոյթով։
Անշուշտ արտասովոր երեւոյթ չէ, որ իշխանութեան ղեկին գտնուող կուսակցութիւն մը, նախընտրական իր համագումարին, հանրային կարծիքին ներկայանայ իր առաջին դէմքով։ Իբրեւ այդպիսին, Հայաստանը բացառութիւն չի կազմեր եւ մեծ է թիւը ժողովրդավարական այն երկիրներուն, ուր օրուան իշխանաւորները ուղղակիօրէն կ՛աջակցին, նաեւ կը ղեկավարեն իրենց կուսակցութեանց ընտրապայքարը։
Ժողովրդավարական ուղի հարթած երկիրներուն մէջ, սակայն, օրուան իշխանաւորին նախընտրական գործունէութիւնը եւ ընդհանրապէս ղեկավարած ընտրապայքարը որոշակի սահմանափակումներու կ՛ենթարկուին։ Նոյնիսկ կան երկիրներ, որոնք իրենց նախագահէն կը սպասեն ուրիշին յանձնել իր պատկանած կուսակցութեան ղեկը, որպէսզի առաջքը առնուի պետական եւ կուսակցական շահերու բախումին։ Յատկապէս անթոյլատրելի եւ անընդունելի կը նկատուին իշխանութեան դիրքերը կուսակցական շահերու ծառայեցնելու եւ ընտրապայքարի լծակներու վերածելու փորձերը։ Ոչ միայն բարոյական ըմբռնումներով ու արժեչափերով, այլեւ օրէնսդրական սահմանագծումներով՝ ժողովրդավարական երկիրները հետեւողական ճիգ կը թափեն, որպէսզի պետական իշխանութեան լծակները չկուսակցականացուին եւ կառավարող կուսակցութիւնը, որեւէ պարագայի եւ որեւէ ձեւի տակ, առանձնաշնորհեալ հակակշիռ չհաստատէ պետական վարչամեքենայի ընձեռած հնարաւորութեանց վրայ։
Պետական ու կուսակցական հանգամանքներու եւ շահերու տարանջատումին նախանձախնդրութիւնը կը շեշտուի, մանաւա՛նդ, նախագահական իշխանութեան համակարգով գործող ժողովրդավարութեանց մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ մը, իր իշխանավարութեան շրջանին, պաշտօնապէս հեռու կը մնայ իր կուսակցութեան ընտրապայքարը ուղղակիօրէն ղեկավարելու վարքագիծէն եւ գործելակերպէն։
Ահա ա՛յս իմաստով արտասովոր նախընթաց մը հաստատեց նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց սեմին, երբ հանրապետութեան նախագահի իր հանգամանքով պաշտօնապէս եւ ուղղակիօրէն ձեռք առաւ ղեկը իր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան ընտապայքարին։
Եւ ՀՀԿ 13րդ համագումարին իր ունեցած ելոյթով՝ պարզապէս կուսակցապետի իր հանգամանքը գերադասեց հանրապետութեան նախագահի իր սահմանադրական դիրքին։ Խօսեցաւ իբրեւ կուսակցութեան մը պետը, որ իւրայիններու խօսնակը ըլլալու եւ Հանրապետականի գովազդը կատարելու անհրաժեշտութեան ստորադասեց, այլեւ հարկատու դարձուց հանրապետութեան նախագահի իր հանգամանքն ու պարտաւորութիւնները։
Իսկ Հանրային Հեռուստատեսութիւնը կարծէք ՀՀԿի քարոզչական բեմն էր եւ ամէն իրաւունք վերապահեց իրեն, որպէսզի հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ ինչպէս համագումարին, այնպէս ալ ՀՀԿ ղեկավարի նախընտրական ելոյթին վրայ, որ ոչ միայն լրիւ հեռարձակուեցաւ, ոչ միայն բացառիկ կարեւորութեամբ ու հնչեղութեամբ ներկայացուեցաւ, այլեւ՝ արժանացաւ կրկին անգամ «հրամցուելու» առանձնաշնորհումին։
Եթէ Հայաստանի նախագահի մեծայարգ հանգամանքը չգործածուէր իբրեւ ՀՀԿ կուսակցապետին պատուանդանն ու ամպհովանին, վստահաբար Հանրային Հեռուստատեսութիւնը այդ աստիճան առանձնայատուկ ու պսպղուն լուսարձակի պիտի չարժանացնէր ե՛ւ ՀՀԿ 13րդ համագումարը, ե՛ւ ՀՀԿ նախագահին նախընտրական ելոյթը։
Աւելի՛ն. ՀՀԿ կուսակցապետին ելոյթը կը պարունակէր նեղ–կուսակցական ինքնագովազդի այնպիսի շռայլանքներ, որոնք Հանրային Հեռուստատեսութեան հետ – եւ անկէ անդին – նոյնինքն հանրապետութեան նախագահի հաստատութիւնը կը խոցէին… առանձնաշնորհեալ վերաբերումի արժանացնելով ընտրապայքարի դաշտ իջնող քաղաքական ուժերէն մէկը։
Ժողովրդարութեան անյարիր է նման երեւոյթը, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերի քսանամեայ անկախութեան տէր երկրի մը։
Չէ՞ որ Հայաստանն ու հայութիւնը ընտրած են ժողովրդավարական արժէքներու կայացման ու արմատաւորման ուղին։
Իսկ նման առանձնաշնորհումներով եւ հովանաւորչութեամբ՝ ժողովրդավարական աւանդներ չեն ստեղծուիր, ընդհակառակն՝ նորովի կ՛արմատանան ամբողջատիրական «ժառանգութեան» վերապրուկները։
Հայաստանի քաղաքացին բնականաբար հաւատք կ՛ընծայէ իր տեսածին ու ապրածին եւ ոչ թէ իրեն հրամցուող «իրողութեանց», այսպէս կոչուած «իրագործումներ»ուն եւ գովազդներուն, այդ ալ իշխանաւորի դիրքերէն։
ՀՀԿ ղեկավարին ելոյթը կը փայլի… ինքնասքանչացումով եւ ժողովուրդը վստահաբար դժուարութիւն չունի կողմնորոշուելու իշխանութեան մը հանդէպ, որուն թիւ 1 ներկայացուցիչը չի յոգնիր կրկնելէ, թէ՝ «ես հաւատում եմ մեր արածին ու աւելի շատ անելիքներին»…
Եթէ «արած»ը ֆութպոլային դիւանագիտութիւնն ու Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութիւններն են, եթէ «արած»ը ստուերային տնտեսութեան յարաճուն հզօրացումն ու տնտեսական թէ ընկերային անարդարութեանց հետեւանքով հայ մարդոց ակամայ արտագաղթն են եւ, տակաւին, եթէ «արած»ը իրաւական պետութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու սոսկ նմանակումն է, այդ պարագային վայ է եկեր բոլորիս, եթէ ՀՀԿ ղեկավարը «հաւատում» է… «աւելի շատ անելիքներին»։
Եւ Ազգի ու Հայրենիքի մեծ ցաւը այն է, որ ՀՀԿ կուսակցապետը նաեւ ընտրազանգուածի քուէներով իշխանութեան ղեկը ստանձնած հանրապետութեան նախագահն է, որ սեփական ժողովուրդին չի կրնար կամ չ՛ուզեր հասկնալ։
Ինչպէս որ ՀՀԿի 13րդ համագումարին իր ունեցած կուսակցապետի ելոյթը եզրափակեց, ՀՀ նախագահը հիւանդագին կ՛ընկալէ սեփական ժողովուրդին դժգոհութիւնները՝ իր ղեկավարած իշխանութեանց հանդէպ։
Այլապէս ի՞նչ տրամաբանութեան ծնունդ են հետեւեալ անհեթեթ ընդհանրացումները իր ելոյթին.–
«Մեզանում ձեւաւորուել է յոռետեսութեան եւ յուսահատութեան մի հոգեբանութիւն, որն ունի նոյնիսկ իր կարգախօսները: Ոչ մի թշնամական քարոզչութիւն չի կարող այնքան աւերածութիւններ գործել, որքան այդ բանաձեւերն են, որ հնչում են յաճախ եւ մօտաւորապէս այսպէ՛ս. «էս երկրում օրէնք ոչ եղել է, ոչ կը լինի». «ոնց եկել է, էդպէս էլ գնալու է, բան չի փոխուելու» եւ, ընդհանրապէս, «էս երկիրը երկիր չի»:
Շինծու թշնամի «սարքած»՝ ՀՀԿ կուսակցապետը կը փութայ հայրենասիրութեան դասեր տալու իր իսկ իշխանութեանց մեղքով յուսահատութեան անդունդին յայտնուած մեր ժողովուրդին։
Այո՛, ժողովուրդը յուսահատ է իրեն խորթ այս իշխանութիւններէն, որոնք սեփական սխալները ընդունելու քաղաքական ուժն ու կամքը չունին եւ, փոխարէնը, մեղքը կը բեռցնեն նոյնինքն ժողովուրդին վրայ։
Բայց նաեւ՝ ո՛չ. հայրենասիրութեան եւ ազգային հպարտութեան դասերու պէտք չունի ժողովուրդը, որ իր այդ արժէքներուն շնորհիւ կրցաւ տոկալ ու վերապրիլ ամէն կարգի ներքին ցեցերէ, որոնք միակ աղբիւրն են «այս երկիրը երկիր չէ» ըսող ժողովրդային հիասթափութեան։
Հիասթափութիւն, որուն յաղթահարման ուղին արմատական իշխանափոխութիւնն է։
Իսկ ՀՀԿ ղեկավարը ինչո՛ւ չի հասկնար ժողովուրդին պահանջած փոփոխութիւնը։
Ինչպէ՞ս հասկնայ եւ, մանաւա՛նդ, ընդունի սեփական ժողովուրդին պահանջը, որ կառավարման այս փտած համակարգը արմատապէս փոխելն է՝ առաջին հերթին իշխանափոխութիւն իրագործելով։
«Հաւատանք, որ փոխենք»…