
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն համացանցային պլոքին վրայ խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման մասին։
Դեսպանը ողջունած է հայերը եւ պատմած, թէ վերջերս ինք եւ կինը՝ Լիպպին, դիտած են շատ բովանդակալից ժապաւէն մը՝ «Եթէ բոլորը» խորագիրով, որուն իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իսկ պատմութիւնը եւս կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին։ Հոն կ՛առաջադրուի հաշտութեան հաստատման նիւթը։
«Ֆիլմի հիմնական գաղափարը այն է, որ մարդիկ՝ հայերն ու ատրպէյճանցիները, շատ բաներով իրարու կը նմանին։ Նոյնն են անոնց ընտանեկան մտահոգութիւնները, ընտանեկան կապերը, ընտանիքներուն վիշտն ու թախիծը», նշած է դեսպանը։
Դեսպանը այցելած է նաեւ Երեւանի դպրոցներէն մէկը, ուր աշակերտներուն հետ եւս քննարկում կատարուած է հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ նմանութիւններուն մասին։ Աշակերտները տարբեր ձեւով արձագանգած են այս հարցին, ոմանք դիտել տուած են, թէ պատրաստ են իրենց դպրոցին մէջ տեսնել ուրիշ ազգէ աշակերտներ, նոյնիսկ՝ ատրպէյճանցիներ։ Աշակերտները նաեւ բաւական յանդուգն հարցումներ ուղղած են դեսպանին. անոնցմէ մէկը հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս կը վարուէին ամերիկացի ուսանողները, եթէ նման կացութեան մը դէմ յանդիման գտնուէին։ Դեսպանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ եւս դժուար պատմութիւն ունեցած է, յատկապէս ստրկատիրական ժամանակներուն։ Ան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրած ցեղապաշտական լարուածութեան եւ ատելութեան, որոնք լուրջ խնդիրներ են։ Դեսպանին համաձայն, միայն վերջին տարիներուն ընթացքին է, որ հանդուրժողական վիճակ կայ, տեսանելի եղած են ցեղային հաշտութիւններ, որոնց լաւագոյն օրինակն է Միացեալ Նահանգներու ներկայի նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութիւնը՝ տասնեակ միլիոնաւոր սպիտակամորթ ամերիկացիներու քուէներով։
«Այսպիսով, կարելի է իրական հաշտութիւն կնքել, եւ ես յոյսով եմ, որ մենք բոլորս յանուն հաշտեցման քայլերու ձեռնարկենք, եթէ նոյնիսկ ամէն անգամ կարելի ըլլայ հաշտուիլ գէթ մէկ հոգիի հետ», կը հաստատէ դեսպանը։ Աւարտին, Ճան Հեֆըրն շնորհակալութիւն յայտնած է եւ հայերէնով ըսած. «Հաշտեցումից կը շահեն բոլորը»: