
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն մեկնաբանած է Ատրպէյճանի կողմէ զէնք գնելու երեւոյթը:
Ի պատասխան «Նիուզ»ի թղթակիցին հարցումին, թէ Ֆրանսան՝ ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, ինչպէ՞ս կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերէն մէկուն զէնք գնելու երեւոյթը՝ ֆրանսացի դիւանագէտը ըսաւ. «Որպէս Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, Ֆրանսան կ՛ուզէ յիշեցնել 2011 թուականի Մայիսին Տովիլի մէջ Մեծ ութեակի գագաթաժողովին նախագահներ Սարքոզիի, Մետվետեւի եւ Օպամայի յայտարարութիւնը, որով անոնք վերահաստատեցին, որ «միայն բանակցութիւններու միջոցով եղած կարգաւորումը կրնայ յանգեցնել խաղաղութեան, կայունութեան եւ հաշտութեան եւ ընձեռել զարգացման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ տարածաշրջանին մէջ» եւ կոչ ուղղեցինք կողմերու ղեկավարներուն՝ «իրենց ժողովուրդները պատրաստել ո՛չ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան»:
Դեսպանը նաեւ յիշեցուց, որ նախագահ Մետվետեւի հրաւէրով վերջերս Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները յայտարարած են, որ «պիտի կրկնապատկեն սկզբունքներու պայմանագիրին գծով ի գործ դրուած ջանքերը, հաշուի առնելով ցարդ կատարուած աշխատանքը»: