ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախագահութեամբ կայացած է «Հայ լրագրողների 6րդ համաժողով»ի գործադիր մարմինի անդրանիկ նիստը, որուն համացանցով մասնակցած են նաեւ գործադիր մարմինի սփիւռքեան անդամները՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ), «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չօլաքեան (Ֆրանսա) եւ «Նոյեւ Կովչեգ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան (Ռուսիա):
Ողջունելով ներկաները՝ նախարար Յակոբեանը կարեւոր նկատած է այն, որ նախապէս կազմուած ժամանակացոյցի համաձայն, հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած լրագրողներու 5րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին ներկայացուած առաջարկները, կը մշակուին եւ կ՛իրականացուին համապատասխան ծրագիրներ ու ձեռնարկներ, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնախնդիրներուն լուծում գտնել: Յակոբեանն անդրադարձած է Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մէջ կայացած հայ լրագրողներու տարածաշրջանային հաւաք-հանդիպումներուն, Միացեալ Նահանգներ տուած իր այցելութեան ընթացքին հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ հանդիպման։ Ան դիտել տուած է, որ իրականութիւն դարձած է նաեւ համահայկական համաժողովէն բխած առաջարկ մը. յաջողութեամբ ընթացք առած է Արցախի լրագրողներու մասնագիտական որակաւորման մակարդակի բարձրացման նպատակով կազմակերպուած հեռավար դասախօսութիւններու շարքը:
Գանտահարեան, Վարդիվառեան, Չօլաքեան եւ Անիսոնեան ներկայացուցած են հայ լրագրողներու 5րդ համաժողովէն ետք զանգուածային լրատուամիջոցներու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրենց տարածաշրջաններուն մէջ կատարուած աշխատանքները, նաեւ առաջարկներ ներկայացուցած են։
Հայաստանի ժուռնալիստների միութեան նախագահ Յասմիկ Գէորգեան եւ Լրատուամիջոցների համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Յարութիւնեանը համառօտ կերպով ներկայացուցած են կատարուած աշխատանքները հայաստանեան մակարդակի վրայ: Գէորգեան առաջարկած է նախատեսուող ծրագիրներուն մէջ ներգրաւել նաեւ Սփիւռքի օտարագիր հայ լրագրողները, համագործակցիլ արտասահմանեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու լրագրողներուն հետ:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են այս տարի կազմակերպուելիք «Հայ լրագրողների 6րդ համահայկական համաժողովին, Սփիւռքի լրագրողներու ամառնային դպրոցին, «Հայապահպանութեան գործում ունեցած նշանակալի աւանդի համար Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց» մրցումի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ «Արցախն ակնթարթներում» լուսանկարչական մրցումին առնչուող եւ այլ հարցեր:
Գործադիր մարմինը հաստատած է լրագրողներու 6րդ համահայկական համաժողովի խորագիրն ու ժամկէտը: «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 6րդ համաժողովը պիտի կայանայ 4-6 Հոկտեմբեր 2012ին։ Անոր կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, օտար զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ։
Քննարկուած է նաեւ «Հայապահպանութեան գործում ունեցած նշանակալի աւանդի համար Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց» մրցումի յանձնաժողովի կազմի պարագան:
Գործադիր մարմինը որոշած է յաջորդ նիստը գումարել Մայիսի աւարտին: