ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ռոսաւիացիա» օդանաւային գործակալութեան ղեկավար Ալեքսանդր Ներադկօ յայտարարած է, որ «Արմաւիա»ն ամբողջովին վճարած է կառոյցի ունեցած պարտքը, որ կը կազմէ 178 հազար տոլար:
Ներադկոյի խօսքով՝ նկատի առնելով պարտքի վճարումը, «Արմաւիա»ն հնարաւորութիւն կը ստանայ չուերթներ իրականացնելու դէպի Ռուսիա:
Յիշեցնենք, որ Մարտի 6ին «Ռոսաւիացիա»ն արգիլած էր «Արմաւիա»յին չուերթներ իրականացնել դէպի Ռուսիա՝ օդակարգավարկան ծառայութիւններու համար պարտքեր ունենալուն համար: Սակայն նոյն օրն ալ «Արմաւիա» երաշխիքային նամակ ուղարկած էր ռուսական կողմին՝ խոստանալով դեկտեմբերեան պարտքը փակել մինչեւ Մարտ 20: