
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- Չորեքշաբթի, 21 Մարտի երեկոյեան «Ազգ» օրաթերթին հասած նորագոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեան առողջական ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած է Երուսաղէմի Հատասա հիւանդանոցը, հոնկէ՝ ծերանոց։ Ըստ թերթին, այս տեղեկութիւնները աւելի եւս կը հիմնաւորեն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ներկային եւ ապագային առնչուող մտահոգութիւնները: «Ճիշդ է, ստացուած տեղեկութիւնները բարոյական հարթութեան են, սակայն դրանով առաւել մթագնում են պատրիարքութեան ապագան աւելի պարզ եւ ներքնապէս առողջ տեսնելու մեր յոյսերը», կը գրէ թերթը:
Այդ բժշկական նշանաւոր կեդրոնին մէկ անշուք բաժանմունքին մէջ տեղադրուած է պատրիարքը՝ երկու այլ հիւանդներու կողքին։ Սկզբնական շրջանին կար այն կարծիքը, որ այդ դասաւորումը եղած է հապճեպ կերպով՝ այն յոյսով, որ աւելի ուշ աւելի լաւ պայմաններ կը ստեղծուին անոր համար, սակայն թերթին հասած տեղեկութիւնները հաստատած են, որ Թորգոմ պատրիարքը հիւանդանոցէն դուրս դրուած է բժիշկներուն խորհուրդով եւ Հայոց պատրիարքարան փոխադրուելու փոխարէն տարուած է Երուսաղէմի մօտ գտնուող կաթողիկէ կղերականներու ծերանոց…։
«Այս տխուր փաստը թոյլ է տալիս եզրակացնելու, որ Երուսաղէմի հայոց աթոռի նորընտիր տեղապահ Նուրհան սրբազանը վախենում է նոյնիսկ 93 տարեկան եւ ծանր հիւանդ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի պատրիարքարանի միեւնոյն շէնքում ներկայութիւնից», եզրափակած է «Ազգ»ը: