ԼՂՀ կառավարութեան եւ «Վալեքս» խումբի միջեւ 19 Մարտին համաձայնագիր ստորագրուած է Կաշէնի հանքավայրին (Մարտակերտի շրջան) օգտագործման վերաբերեալ: Արցախեան հանքային արդիւնաբերութեան նոր հանգրուանի բացումը ազդանշող այս ծրագիրի շնորհահանդէսին ընթացքին վարչապետ Ա. Յարութիւնեան նշած է, որ մեկնարկը կը կատարուի վերջին տասնամեակի ամէնէն մեծ տնտեսական ծրագիրներէն մէկուն, որ նաեւ առիթ պիտի տայ տնտեսական յաւելեալ մուտքերու եւ ընկերային մեծ թիւով հարցերու լուծման։
Ա. Յարութիւնեան ընդգծած է, որ հանքային արդիւնաբերութիւնը կրնայ դառնալ Արցախի տնտեսութեան աւանդական ճիւղերէն մէկը եւ այդ նպատակով կառավարութիւնը իր կարգին միջոցներ պիտի յատկացնէ՝ ընդերքի բազմակողմանի ուսումնասիրութեան համար։
«Վալեքս» խումբի ղեկավար Վ. Մեժլումեանը, «Պէյս Մեթըլս» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ա. Մկրտումեանը եւ ընկերութեան պատասխանատու մասնագէտները ներկայացուցած են նոր հանքավայրի օգտագործման առնչուած հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այն հիմնական քայլերը, որոնք առիթ պիտի տան արդիւնաբերութեան բարձր ցուցանիշներու ապահովման եւ բնապահպանական խախտումներէ հեռու գործունէութեան։ Անոնք նաեւ պատասխանած են ներկաներուն հարցումներուն։
Կը նախատեսուի, որ հանքավայրը սկսի օգտագործուիլ 2015 թուականին, անիկա հիմնականին մէջ պիտի արտադրէ պղինձ եւ մոլիպտէն: Ըստ ծրագիրին, յառաջիկայ 10 տարիներուն ընթացքին պիտի մշակուի մօտ 17 միլիոն թոն հանքանիւթ: «Վալեքս» խումբը Կաշէնի մէջ պիտի կատարէ շուրջ 80 միլիոն տոլարի ներդրումներ:
Ծրագիրի շնորհանդէսին ներկայ էին ԼՂՀ կառավարութեան անդամներ, այս բնագաւառի մասնագէտներ: