
Հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտներէն ներս, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը 37 միլիոն դրամի ներդրում պիտի կատարէ. այս առնչութեամբ, բջիջային ընկերութիւնը համագործակցութեան պայամանագիր կնքեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ:
«Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի միջոցներով պիտի իրականացուին չորս ծրագիրներ՝ դպրոցներու վարկի նշում, համալսարաններու վարկի նշում, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կիրառուող դասագիրքերու ամբողջական թուայնացում եւ ՀՀի տարածքին 107 աւագ դպրոցներու մէջ անլար (wireless) համացանցային կապի ապահովում: Ընկերութիւնը պիտի աջակցի նաեւ «Լաւագոյն ուսանող» մրցոյթի կայացման:
Համագործակցութեան պայմանագիրի ստորագրումէն ետք, կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նշեց, որ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը պատասխանատու գործընկեր է կրթութեան ոլորտի բարեփոխումներու գործին մէջ: «Հայաստանի «պիզնես» հատուածը դեռ չի գիտակցում կրթութեան ոլորտում ներդրումների անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Մեր գործընկերը ապացուցելով, որ աշխատում է հասարակութեան համար՝ շարունակում է մեզ հետ համագործակցել: Սա եզակի փաստաթուղթ է: Ամրագրուած հինգ հիմնական ծրագրերը բխում են կառավարութեան կողմից հաստատուած գերակայութիւններից», ըսաւ նախարարը:
«Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան շատ ոլորտներ, որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին, սակայն անոնց մէջ կ՛առանձնանայ յատկապէս կրթութեան ոլորտը: «Մասնաւոր հատուածը պէ՛տք է օժանդակէ կրթութեան ոլորտին: Մենք կ՛ուզենք, որ անիկա զարգանայ արագ քայլերով եւ աւելի՛ թափանցիկ դառնայ հանրութեան համար», ըսաւ ան:
Նախարարը նաեւ աւելցուց, որ եթէ մասնաւոր հատուածին մէկ մասը խորհրդանշական գումար տրամադրէ կրթութեան ոլորտին, ապա անիկա մեծ արագութեամբ զարգացում կրնայ ապրիլ: