ԵՐԵՒԱՆ, «Մարդիկ».- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, 31 Մարտին տեղի ունեցաւ թեմի քահանայից դասի ժողով:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Նախքան օրակարգի բուն հարցերու քննարկման անցնիլը Պարգեւ Սրբազան ժողովականներուն ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Սահակ աբեղայ Շաքարեանը, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տնօրինութեամբ սպասաւորութեան ուղարկուած է Արցախի թեմ եւ հոգեւոր հովուութիւն պիտի կատարէ Մարտունիի շրջանին մէջ:
Ապա քննարկումի նիւթ դարձած են վարչական, հովուական, կազմակերպչական, կարգապահական, ծիսական եւ այլ հարցեր: Մշակուած է Շուշիի ազատագրման քսանամեակին առիթով Արցախի թեմի տօնական նախաձեռնութիւններուն ծրագիրը. թեմակալ առաջնորդը հոգեւոր հովիւներուն յանձնարարած է պատրաստել իրենց ծուխերուն մէջ գտնուող սրբավայրերու եւ պատմամշակութային կոթողներու մասին սպառիչ տեղեկատուական պատկերը, ներկայացնել անոնց վերականգնման ու խնամքի ձեւերուն վերաբերող առաջարկներ։ Ան նաեւ թելադրած է քարոզչական աւելի աշխուժ աշխատանք կատարել, որպէսզի աւելի եւս իմաստաւորուի աղանդաւորութեան դէմ պայքարը։
Ժողովին առանցքային նիւթերէն էր եկեղեցի-բանակ համագործակցութեան մնայուն սերտացումը: Պարգեւ Սրբազանը Արցախի թեմի հոգեւորականներուն յորդորեց կարելի եղած բոլոր միջոցներով աջակցիլ բանակին մէջ ծառայող հոգեւորականներուն, նպաստել բանակին մէջ հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգի ամրապնդման ու զարգացման: Արցախի բանակին մէջ հոգեւոր սպասաւորներու պատասխանատու Սամուէլ սարկաւագ Մկրտչեան ժողովականներուն տեղեկացուց, որ ծրագիր կայ Աւագ շաբաթուան արարողութիւններուն ներգրաւել նաեւ զինուորները, յատկապէս 5 Ապրիլին՝ Աւագ Հինգշաբթի օրը, երբ բանակի զօրամասերուն մէջ ծառայող զինուորներ իրենց շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ պիտի մասնակցին Ոտնլուայի արարողութեան։ Արցախի թեմի հոգեւորականները սիրով պատրաստակամութիւն յայտնեցին որեւէ ատեն եւ պարագայի իրենց առաւելագոյնը ընել՝ ի շահ եւ ի նպաստ ազգային բանակին: