– Թափանցիկ, օրինապահ եւ մաքո՞ւր… ինչու ո՛չ.
Բայց «մնացեալին» համար… տակաւին պէտք է սպասել
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիս 6ին մնացած է ամիս մը եւ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը ըստ երեւոյթին լրիւ պատրաստ է… խորհրդարանական ընտրութեանց «օրինակելի» մրցավազքին համար։
Այո՛, անհրաժեշտ բոլոր երեւոյթները կան, որպէսզի ուշադիր հետեւողը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստան Մայիս 6ին իրապէ՜ս պիտի ունենայ իր «ամէնէն լաւ ընտրութիւնները», ինչպէս որ շուրջ տարիէ մը ի վեր կը յայտարարեն ու «կը վստահեցնեն» ՀՀ նախագահը, վարչապետը եւ իշխանաւոր Հանրապետական կուսակցութեան բանբերները։
Կառավարութիւնն ու Ազգային Ժողովը փաստօրէն ճիգ չխնայեցին, որպէսզի միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նորամուծութիւններ կիրարկուին՝ թէ՛ նախընտրական հանգրուանը եւ թէ նոյնինքն քուէարկութիւնները օրինականօրէն կանոնաւորելու, թափանցիկ եւ մաքուր ընթացքի մէջ պահելու համար։
Այն աստիճան, որ կեանքի կոչուեցաւ ՀՀ Ոստիկանութեան յատուկ մարմին եւ կառոյց, որպէսզի վերահսկուի եւ ապահովուի ընտրական ամբողջ գործունէութեան օրինաւորութիւնը՝ ընտրազանգուածին եւ մամուլին հետ արագ կապերու եւ գործակցութեան երաշխիքներ հաստատելով։
Ի տես այս կարգադրութիւններուն, նոյնիսկ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը «անձնապէս լաւատես» է, որ ՀՀ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները «աւելի լաւ» պիտի ըլլան՝ յետ–ընտրական «դրական զարգացումներ»ու նկատմամբ «լաւատեսութիւն» ներշնչելով միջազգային կեանքը ղեկավարող գլխաւոր պետութեան։
Անհիմն չէ, անշուշտ, ամերիկեան դեսպանին «լաւատեսութիւն»ը։ Պր. Ճան Հեֆֆըրն դիտել կու տայ, թէ «կարծում եմ, որ թէ՛ նախընտրական ժամանակաշրջանում եւ թէ քուէարկութեան օրը կ՛ապահովուեն Ընտրական օրէնսգրքով ամրագրուած բոլոր պայմանները, մասնաւորապէս՝ լրատուամիջոցների հաւասար հասանելիութիւնը բոլոր կողմերի համար, կը լինեն խաղի հաւասար պայմաններ: Կայ… լաւ Ընտրական օրէնսգիրք եւ մենք կարծում ենք, որ կը լինի դրա լիարժէք իրականացումը թէ՛ ընդդիմադիր եւ թէ իշխող քաղաքական ուժերի կողմից»:
Բայց հակառակ այս բոլորին եւ լաւատեսութեան մթնոլորտ առաջացնող երեւոյթներուն, ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ այն դառն իրողութիւնը, որ ընտրազանգուածը թերահաւատութեամբ կը նայի ընտրութեանց… արդիւնաւէտութեան։
Իշխանափոխութիւն պահանջող ընտրազանգուածը փաստօրէն չի հաւատար, որ ընտրութեանց ճամբով հնարաւոր է բարեփոխել կառավարման եւ իշխանութեան այս փտած համակարգը։
Մայիս 6ին մնացած են շաբաթներ միայն, ընտրապայքարը մտած է արդէն իր վճռորոշ փուլին մէջ, ընտրազանգուածը խանդավառելու եւ ներգրաւելու քաղաքական ուժերուն աշխուժութիւնը լրիւ թափ առած է, բայց նախընտրական դաշտի գլխաւոր բացական տակաւին կը մնայ… իր քուէի ուժով պահանջուած բարեփոխումները պարտադրելու կարողութիւնը ունեցող ընտրազանգուածին քաղաքացիական շարժումը։
Պատահական չէ, որ ամէն ընտրութեան պէս, այս անգամ եւս, ընտրազանգուածին տրամադրութիւնները իբր թէ խորաչափելու կոչուած հարցախոյզները, իշխանութեանց քարոզչական կարգախօսներուն արձագանգը խորքին մէջ ամրագրելով, ընտրազանգուածին հաշւոյն կը նախատեսեն իշխանաւոր ուժերուն… ընտրական յաղթանակը։
Վերջին հարցախոյզներէն մէկը նոյնիսկ առաջ գացած էր այն աստիճան, որ ընտրազանգուածի հաշւոյն արձանագրած էր, օրինակ, թէ քուէարկողներուն միայն 34 տոկոսը տեղեկացուած է Դաշնակցութեան ընտրական պայքարին առաջադրանքներուն մասին… մինչդեռ այդ տոկոսը Բարգաւաճ Հայաստանի, Հանրապետականի եւ Օրինաց Երկիրի մասին կը բարձրանայ եղեր, յաջորդաբար, մինչեւ 78, 71 եւ 51 առ հարիւրի…
Իրողութիւնը այն է, որ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը քաղաքականապէս նախորոշուած է արդէն՝ օրինական իշխանութեանց լծակները հակակշռող ուժին կողմէ, որ միաժամանակ կը տիրապետէ առանձնաշնորհեալ դրամատէրներու տնտեսական եւ ստուերային գործարքներուն վրայ։
Այդ պատճառով ալ, Մայիս 6ի ընտրութեանց վերաբերեալ ինչպէս մեր երկրի իշխանաւորներուն, այնպէս ալ մեծապետական ուժերու դիւանագէտներուն «լաւատեսութիւն»ը կը հիմնուի, պարզապէս եւ բացառաբար, քուէարկութեանց օրինաւորութեան եւ ընտրապայքարի ու քարոզարշաւի իրաւական խաղականոններու ապահովումին վրայ։
Օտարներուն ու մանաւանդ մեծապետական ուժերուն մօտ թերեւս հասկնալի է թերահաւատութիւնը Հայաստանի մանուկ ժողովրդավարութեան նկատմամբ՝ ազատ ու արդար ընտրութիւններ կայացնելու ազգային մեր հասունութեան երաշխիքները փնտռելէ աւելի, թափանցիկ ու մաքուր ընտրապայքարի եւ քուէարկութեանց վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով։
Բայց նման թերահաւատութիւն հասկնալի չէ, մանաւանդ ներելի չէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք մէկ ձեռքով մեծապետական աշխարհին կը փորձեն հրամցնել միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ընտրապայքարի եւ քուէարկութեանց նորամուծութիւններ, իսկ միւս ձեռքով եւ բիրտ ուժով սեփական ժողովուրդէն կը խլեն ազատ եւ արդար ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը։
Կ՛ունենա՞նք, ուրեմն, ազատ եւ արդար ընտրութիւններ Մայիս 6ին։
– Թափանցիկ, օրինապահ եւ մաքուր քուէարկութիւններ, ինչու ո՛չ, վստահաբար կ՛ունենանք։ Բայց «մնացեալ»ին՝ ազատ եւ արդար ընտրութեանց համար… տակաւին պէտք է սպասել։
Որքան ալ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ընթանայ խորհրդարանական ընտրապայքարը, կարեւորը այն է, որ Մայիս 6ի քուէարկութեանց քաղաքական զսպանակը հանդիսացող 2013ի նախագահական ընտրապայքարին հաշւոյն՝ նոր Մարտ 1ի ականներ չլարուին այսպէս «մաքուր ձեռքերով»…