ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Թեր»չ, «Արմենիա Նաու».- Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոնես»չի խորհրդարանական վեհաժողովի երկրորդ լիագումար նիստին մասնակցած հայկական պատուիրակութիւնը արդէն Հայաստան վերադարձած է։ Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց. «Ես դրական եմ գնահատում «Եւրանես»չի լիագումար նիստի կայացումը ու դրա արդիւնքները, եւ նաեւ համարում եմ շատ ճիշդ ու արդարացուած մեր պատուիրակութեան մասնակցութիւնը դրան»։
Շնորհակալութիւն յայտնելով պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն՝ անոնց խիզախութեան ու միասնական աշխատանքի համար, Վ. Յովհաննիսեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով ըսաւ, որ հայկական պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ որոշակի շեշտադրումներ ներառել բանաձեւերուն ու քննարկուող փաստաթուղթերուն մէջ:
Ապա ան անդրադարձաւ նախագահ Ալիեւի հետ կայացած հանդիպումին, որ տեղի ունեցած է առանց լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն. ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, հաւանաբար այդ էր պատճառով, որ Ատրպէյճանի նախագահը ընդհանրապէս մոռցաւ Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը եւ այդ մասին ոչ մէկ խօսք արտասանեց։
«Իսկ յաջորդ օրը հայերը դարձան «ֆաշիստներ», «օքուփանտներ»՝ նոյն նախագահի մատուցմամբ։ Այս ելոյթը շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ, ուղղակի սառը ցնցուղի արդիւնք ունեցաւ բոլոր պատուիրակների վրայ: Ընդմիջմանը անգամ ատրպէյճանցի պատգամաւորներն էին մեզ մօտենում ու ասում, որ իրենց վրայ էլ վատ ազդեցութիւն է թողել Ալիեւի ելոյթը», յայտնեց ՀՅԴի գործիչը՝ չբացայայտելով պատգամաւորներուն անունները:
Անոր համաձայն, Ալիեւը իր երկրի պատկերին քաղաքական հասցուց այնպիսի ծանր հարուած մը, զոր հայկական պատուիրակութիւնը պիտի չկարենար ընել, որքան ալ ուզեր։ «Ես համարում եմ, որ մեր պատուիրակութիւնը յաջողել է Պաքւում», աւելցուց Յովհաննիսեան։
Նիստի ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը ամբողջովին մեկուսացուած վիճակի մէջ էր՝ ո՛չ միայն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն, այլ նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներէն: Այդուհանդերձ, օգտագործելով «ընդյատակեայ յեղափոխական հնարքները» պատուիրակութեան ղեկավար Վ. Յովհաննիսեան յաջողած է հարցազրոյց տալ լրատուամիջոցներուն։ Բայց եւ այնպէս, ժողովին երկրորդ օրն իսկ լրագրողները դուրս դրուած են սրահէն։
Խօսելով հայկական պատուիրակութեան կեցութեան հիւրընկալութեան, անվտանգութեան, պանդոկի աշխատակիցներուն եւ նոյնիսկ ժողովուրդի վերաբերումին մասին՝ Վ. Յովհաննիսեան յայտեց, որ անոնք երբեք յարձակողական կամ ատելի չեն եղած իրենց հետ։ «Դա միայն մի մարդու վերաբերմունքն ու ատելութիւնն է», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով մամուլին կողմէ հրապարակուած այն քննադատութիւններուն, որոնց համաձայն, պատուիրակութիւնը Ալիեւի ելոյթէն ետք պէտք է լքեր դահլիճը՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Կարելի էր լքել եւ դուրս գալ, բայց դա մեր աշխատանքն էր, մենք «Եւրոնես»չի լիարժէք անդամ ենք, Ատրպէյճանը հիւրընկալող երկիրն էր, իսկ Ալիեւը ընդամէնը՝ հիւր վեհաժողովում»: