ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Երկիր եւ մշակոյ»չ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այս ամառ եւս Հայաստան պիտի այցելեն՝ հայկական պատմական յուշարձանները վերանորոգելու նպատակով։
Նախորդ ամառ նոյնանման նախաձեռնութեան մասնակցած են աւելի քան 600 կամաւորներ՝ Հայաստանէն, Գանատայէն, Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն։
Այս տարի կամաւորներու խումբը աշխատանքներ պիտի ծաւալէ Սիւնիքի մարզի Եղուարդ գիւղին մէջ, որուն մօտակայքը հնագիտական պեղումներ պիտի կատարէ։ Այլ խումբ մը պիտի աշխատի Շիրակի մարզին մէջ. կամաւորները պիտի շարունակեն Սպիտակէն ոչ հեռու գտնուող Չիչխանավանքի վերականգնման աշխատանքները: