ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Եթէ խօսքը կը վերաբերի կերպարուեստի գործի մը գեղարուեստական արժէքին, ապա այդ մէկը յատուկ պատրաստուածութիւն կ’ենթադրէ. պէտք է, որ առնուազն արուեստի պատմութիւն եւ արուեստի փիլիսոփայութիւն ուսումնասիրած ըլլայ ենթական: Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի շուկայական արժէքի մասին, հարցը կը փոխուի:
Խնդիրը այն է, որ այսօր արուեստի շուկայի մրցակցութիւնն ու առեւտրական չոր մօտեցումները դժբախտաբար մեծ մասամբ ապրանքի վերածած են կերպարուեստը՝ շփոթի մատնելով թէ՛ հաւաքորդ արուեստասէրը, թէ՛ արուեստագէտը եւ թէ՛ ցուցասրահի տէրերը եւ կամ արուեստ վաճառող ընկերութիւնները:
Այս յոռի երեւոյթին դրդապատճառները բազում են ու բազմազան: Փորձենք ամփոփ գիծերու մէջ լուսաբանել արուեստասէրը, արուեստագէտն ու առհասարակ ընթերցողը: Նկատի առէք, որ մեր դատումները հիմնուած են քանի մը տասնեակ տարիներու վրայ երկարող փորձառութեան վրայ, որուն վերջին տասնամեակը կ՛ընդգրկէ միջազգային արուեստի շուկայի ոլորտները:
Մինչեւ անցնող դարու վերջաւորութիւն՝ արուեստի շուկան առաւելաբար վերապահուած էր Արեւմուտքին: Արեւմուտքն էր, որ կ՛որոշէր անոր դրամական արժէքը, յատկապէս՝ աճուրդի ընկերութիւններու միջոցով: Սակայն վերջին տասնամեակներուն Արեւելքը, ի մասնաւորի՝ Ծայրագոյն Արեւելքը, արթնցած կը թուի ըլլալ իր թմբիրէն: Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ կառուցուեցան եւ կը շարունակեն կառուցուիլ պատկերասրահ-թանգարաններ: Հաւաքորդներ մեծ գումարներ կը տրամադրեն արուեստի գործերու՝ հարստացնելով իրենց հաւաքածոն եւ իրենց երկիրը միաժամանակ: Այսպիսով, թէ՛ արուեստի միջազգային շուկան աշխուժացաւ եւ թէ՛ արուեստի գործերու գիները բարձրացան աննախադէպ գումարներու: Դեռեւս վերջերս Փոլ Սեզանի մէկ գործը ծախուեցաւ երկու հարիւր յիսուն միլիոն ամերիկեան տոլարի, որ մեծ մրցանիշ մըն է արուեստի շուկային համար:
Եթէ մէկ կողմէ արուեստի բարձր գիները ուղիղ կը համեմատին արուեստի գեղագիտական արժէքին հետ, ապա միւս կողմէ՝ յաճախ ցորենը չի զանազանուիր որոմէն: Ծանուցումներն ու գովազդները աւեր կը գործեն շուկային մէջ: Կը պատահի, որ ժամանակի մաշումին չդիմացող արուեստի գործեր կը վաճառուին բարձր գիներով, իսկ մնայուն արժէք ներկայացնող ուրիշներ՝ համեմատաբար շատ ցած գիներով:
Առաւել շահոյթ ապահովելու մոլուցքէն տարուած՝ թէ՛ արուեստի աճուրդի ընկերութիւնները, թէ՝ արուեստի առեւտրականները եւ թէ՛ նոյնինքն արուեստագէտները կը դիմեն խաղերու, երբեմն նոյնիսկ՝ դաւադրութիւններու, որպէսզի սեփականը յառաջ մղեն, բարձրացնեն իրենց արուեստը եւ ի հարկին վարկաբեկեն մրցակիցը: Անուղղակիօրէն մշակոյթի ընկերութիւններ, թանգարաններ եւ նոյնիսկ պետութիւններ եւս կը մասնակցին այս ոչ արդար եւ անհաճոյ գործընթացին:
Եւ կը դժգոհին շատերը, յատկապէս՝ ձախողածներն ու անյաջող գնում կատարած արուեստասէրները: Գոհ կը մնան այն բոլորը, որոնք իրենց ակնկալած շահոյթը կ՛ապահովեն:
Սխալ չհասկնանք սակայն, այս չի նշանակեր որ պարկեշտ եւ իրաւ արուեստագէտներ, արուեստի առեւտրականներ եւ կամ աճուրդի ընկերութիւններ չկան: Ընդհակառակը, իրաւ արուեստը միշտ մնացած է բարձրարժէք, դիմացած է ժամանակի մաշումին ու գնահատուած՝ բոլորին կողմէ: Մեր խօսքը անոնց մասին է, որոնք արհեստականօրէն կենսագրութիւն կը կառուցեն, երբեմն նոյնիսկ սուտի վրայ հիմնուած ծանուցումներ եւ գովազդներ կը հրատարակեն, կ՛օգտագործեն յատկապէս արուեստասէր հասարակութեան արուեստի գեղագիտական արժէքը չկարենալ գնահատելու իրողութիւնը, ու թէեւ ժամանակաւոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, սակայն օրը կու գայ եւ կը բացայայտուի ճշմարտութիւնը, որովհետեւ արուեստը կեղծիք չընդունի՛ր եւ ժամանակ մը ետք տկար արուեստի գործը կարժէզրկուի՛ կը գտնէ իր իսկական արժէքը:
Արուեստի պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ տուած է: Թէոֆիլ Պեռնէ իր ժամանակին, տասներորդ դարու երկրորդ կիսուն եղած է պալատական նկարիչ եւ արժանացած՝ բարձր շքանշաններու եւ պատիւներու, իսկ իր դասընկերը Կիւսթաւ Մորոն՝ ոչ: Այսօր Թէոֆիլ Պեռնէի գործերը կը վաճառուին միշտ տասնեակ հազարաւոր ամերիկեան տոլարներու, իսկ Կիւսթաւ Մորոյին գործերը կը հասնին միլիոններու:
Թէ ինչեր կը կատարուին հայկական արուեստի շուկային մէջ, եւ թէ ինչո՞ւ հայկական կերպարուեստը, բարձրորակ ըլլալով հանդերձ, չունի համապատասխան վարկ, արժէք եւ շուկայ, այս հարցին պիտի պատասխանենք առանձին: