ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ապրիլ 8ին պաշտօնապէս սկսաւ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց քարոզարշաւի փուլը, որ օրէնքով պէտք է աւարտի Մայիս 4ին, որպէսզի քուէարկող քաղաքացին օր մը հանգիստ ժամանակ ունենայ, առանց խանգարուելու, իր վերջնական կողմնորոշումին մասին մտածելու եւ եզրակացութեան յանգելու համար։
Իսկ քարոզարշաւի առաջին քայլերէն ակներեւ է, որ նախընտրական մրցավազքի բոլոր մասնակիցներն ալ հրապարակ նետուած են գլխաւոր երկու թիրախի հասնելու նպատասլացութեամբ.
– Նախ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ժողովրդավարական ընտրապայքար մը ցուցադրել՝ ինչպէս թեկնածուներու առաջադրման եւ ընտրական ծրագիրներու որդեգրման, այնպէս ալ քարոզարշաւի կարգախօսքերուն մշակման ու գովազդումին մէջ «քաղաքակիր»չ մնալով։
– Ապա՝ հաղորդակցութեան մէջ մտնել եւ սեփական ընտրանքը հասկնալի ու ընդունելի դարձնել ընտրազանգուածի դեռ չկողմնորոշուած տոկոսին, որ կը շարունակէ մեծագոյն համեմատութիւնը կազմել օրէնքով քուէարկելու իրաւունք ունեցող մեր ժողովուրդին։
Առաջինի առումով ինքնին ողջունելի է, որ մրցապայքարի բոլոր մասնակիցներն ալ լորձնաշուրթն հաւաստիացումներ կու տան՝ միջազգային չափանիշներով «ազատ ու արդար» ընտրութիւններու կայացումին բոլոր ուժերով հետամուտ ըլլալու իրենց պատրաստակամութեան ու յանձնառութեան մասին։ Մանաւանդ երբ իշխանաւոր ճամբարի կուսակցութիւններէն եւ գործիչներէն կու գան այդ հաւաստիացումները։ Մանաւանդ եթէ ի վերջոյ կարենանք, այս ընտրութիւններուն, յաղթահարել մեր ժողովուրդին մէջ արմատաւորուած այն խոր համոզումը, թէ «կարեւոր չէ, որ ի՛նչ կը քուէարկես. կարեւորը այն է, թէ իշխանութիւնը ի՛նչ կը նկարէ ու կը հաշուէ»…
Անշուշտ բացայայտ է, որ տնտեսական եւ քաղաքական մենաշնորհներու վրայ հիմնուած կառավարման իր այժմու համակարգով՝ Հայաստան տակաւին շատ հեռու է պետութիւնն ու օրէնքը բոլոր կարգի իշխանաւորներէն եւ ընդդիմադիրներէն վեր պահող ժողովրդավարութեան անկիւնաքարէն եւ հիմնասիւներէն։ Իսկ երբ անհրաժեշտ երաշխիքներով ապահովուած չէ պետութեան ու օրէնքին իրաւարարի դերակատարութիւնը՝ ի սպաս ընտրազանգուածի քուէին պաշտպանութեան ամէն կարգի կաշառումներու, զեղծումներու եւ ոտնակոխումներու դէմ, բնականաբար աւելորդ է խօսիլն իսկ ազատ ու արդար ընտրութեանց կայացման մասին։ Լաւագոյն պարագային կարելի է ունենալ թափանցիկ եւ մաքուր ընտրութիւններ, որոնք եթէ այս անգամ իրապէս կայանան օրէնքով նախատեսուած պայմաններուն եւ սահմաններուն մէջ, փաստօրէն 2012ի խորհրդարանական ընտրութեամբ մեր երկիրը յաջողած պիտի ըլլայ փակելու տխուր եւ դառն էջը համաժողովրդային քուէարկութեանց արդիւնքը ի յառաջագունէ կեղծ ու ապօրինի հռչակելու… ժառանգութեան։
Այդքանն իսկ նկատառելի յառաջխաղացք պիտի նշանակէ, Հայաստանի եւ հայութեան համար, իրաւական ու ժողովրդավարական պետութեան կայացման անկիւնաքարը եւ հիմնասիւները ամրապնդելու ճամբուն վրայ, որ ոչ մէկ երկրի պարագային մէկ օրէն միւսը նուաճուած է, ընդհակառակն՝ երկար ու փշոտ ուղի հարթելու նշանակութիւն ունեցած է ամէնուր։
Բայց նոյնինքն թափանցիկ ու մաքուր ընտրապայքարի ապահովման առումով, նախընտրական քարոզարշաւի ներկայ փուլին, տակաւին յաղթահարման կը կարօտի… նմանակումներու միջոցաւ յառաջխաղացք արձանագրելու ինքնախաբէութիւնը։ Փաստօրէն տիրական է, յատկապէս իշխանաւոր ճամբարի կուսակցութեանց եւ նոյնինքն ՀՀ նախագահի անձամբ ղեկավարած ընտրապայքարին մէջ, առաւելաբար արտաքին աշխարհին տպաւորելու գովազդային ռազմավարութիւնը։ Գովազդի լուսարձակները կը կեդրոնանան թափանցիկ ու մաքուր ընտրապայքարի պսպղուն ցուցափեղկերուն վրայ, որոնց ետին շուքի մէջ կը պահուին բուն յուսախաբութիւններն ու դառնութիւնները սեփական ընտրազանգուածին, որուն քուէն արժեւորելու կը ծառայէ, պէ՛տք է ծառայէ ի վերջոյ, ամբողջ ընտրապայքարը։
Արտաքին աշխարհին համար կրնայ բնական եւ ընդունելի նկատուիլ, որ տուեալ երկրի իշխանութեան ղեկին գտնուող ուժը այսպէս՝ բոլոր ուժերով ընտրապայքարի մէջ նետուի, առանց խախտելու պետութեան ու օրէնքին առջեւ իրաւահաւասար ըլլալու, աւելին՝ հաւասարազօր պայմաններով ընտրապայքար մղելու կարմիր գիծը։ Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին բոլոր տուեալները ունի, որպէսզի թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ ընկալէ իր իշխանաւորներուն գովազդած «ժողովրդավարական» վարքագծի նմանակումները։
Իսկ ՀՀ քաղաքացին ինչո՛ւ կամ ինչպէ՛ս հաւատայ, որ իր կառավարութեան ղեկին գտնուող քաղաքական գործիչը եւ անոր գլխաւորած կուսակցութիւնը նոյնացած չեն նոյնինքն պետութեան եւ օրէնքին հետ… Քսանամեայ ամբողջ ճամբայ մը կտրած է ՀՀ նախագահներու իշխանութեան հետ՝ կայացնելու համար այն համոզումը, որ պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոյնացած են իր ճանչցած նախագահներու փորձուած վարքագծին մէջ։ Պետութիւնն ու օրէնքը կը շարունակեն մնալ իշխանաւոր ուժին ձեռքը անցած անմրցակից ազդեցութեան լծակներ…
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու իր ստանձնած Հանրապետական կուսակցութիւնը տարբեր գովազդով չսկսան իրենց նախընտրական քարոզարշաւը։ Հանրապետականի տեղամասային առաջին իսկ նախընտրական հաւաքին Ս. Սարգսեան անձամբ ներկայացաւ ընտրազանգուածին՝ փոխանցելու համար, որ պետութեան եւ օրէնքին տէրն ու ծառան բացառապէս ինքն ու Հանրապետականն են։ ՀՀ նախագահը այնքա՜ն տարուած էր իր գովազդային առաքելութեամբ, որ պետութեան եւ օրէնքի անունով յոխորտաց, թէ իբր իր շնորհիւ «ընդդիմախօսելու նոր աւանդոյ»չ ստեղծուած է եղեր Հայաստանի մէջ։
Այսինքն՝ եթէ ՀՀ խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը այսօր նախանձախնդիր է, որպէսզի Մայիս 6ի խորհրդարանական եւ 2013ի նախագահական ընտրապայքարները չմխրճուին թշնամական բեւեռացման եւ պայթուցիկ հակադրութեան ամբոխավարական տիղմին մէջ, ատոր համար ՀՀ քաղաքացին երախտապարտ պէտք է ըլլայ եւ շնորհակալութիւն յայտնէ Հանրապետութեան նախագահին, իսկ ՀՀ նախագահին ղեկավարած Հանրապետական կուսակցութիւնը արժանացնէ վստահութեան քուէի։
Հետեւաբար, թափանցիկ ու մաքուր ընտրապայքար ունենալու գովազդներով սկսած նախընտրական քարոզարշաւի յատակին տակաւին կը հոսին այնպիսի կեղտաջուրեր, որոնք կը խանգարեն մեր երկրի իրաւական ու ժողովրդավարական կառավարման համակարգի կայացման ինքնին դժուարին երթը։
Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համամասնական ընտրացուցակը գլխաւորող Վահան Յովհաննիսեան մատը բուն վէրքին վրայ դրաւ երկու օր առաջ, երբ ՀՅԴ նախընտրական առաջին երթ–հաւաքին ուղղուած իր խօսքին մէջ շեշտեց օրէնքի ճամբով իսկական յեղափոխութիւն իրականացնելու հրամայականը։
Մտքերու մէջ թափ առնող եւ քուէի ուժով պոռթկացող յեղափոխութիւն՝ որ ի վիճակի է վերջակէտ դնելու վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եկող– գացող իշխանաւորներու տնտեսական ու քաղաքական մենաշնորհներու «օրինական» պահպանակին վերածելու բուն չարիքին։