
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախքան Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Խորհրդային Միութեան մօտ Թուրքիոյ փոխդեսպանի պաշտօնը կատարած Հալիլ Աքընճը բացայայտումներ կատարած է այդ օրերուն Հայաստանի առնչուած թրքական դիրքորոշման մասին:
Ըստ թրքական «ekolay.com» կայքին՝ Աքընճը ըսած է, որ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Թուրքիա մտադիր էր յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, եւ նոյնիսկ դեսպանատուն բանալ հոն: Սակայն որոշ ժամանակ անց, Թուրքիա յանկարծակիօրէն փոխած է իր որոշումը:
Նախկին փոխդեսպանը նշած է, որ այդ օրերու Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պաշտպանած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու գաղափարը՝ մէկ կողմ դնելով «պատմական խնդիրները»: Աքընճը ենթադրած է, որ եթէ հայ-թրքական յարաբերութիւններ հաստատուէին այդ օրերուն, Տէր Պետրոսեան աւելի երկար տարիներ կրնար պաշտօնի վրայ մնալ: