ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Թեշվիքիէ շրջանը գտնուող «Էսփաս» արուեստի ցուցասրահին մէջ, Ապրիլ 5ին, արուեստասէրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ բացումը ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի նկարչական ցուցահանդէսին։
«Այս արժէքաւոր արուեստագէտը անծանօթ մը չէ պոլսահայութեան, որովհետեւ ան նախ արդէն պոլսահայ է, ապա որովհետեւ նախապէս քաղաքիս մէջ սարքած էր ցուցահանդէս մը: Ասիլվա նկարչուհի մըն է, որ հետեւելով հանդերձ վերացական նկարչութեան՝ ունի վերացական նկարչութեան մասին իւրայատուկ ոճ մը, որ բոլորովին ալ վերացական չէ եւ որ կրնայ հաճոյք պատճառել բոլոր անոնց, որոնք վերացական նկարչութիւն չեն սիրեր։ Այլ խօսքով՝ Ասիլվա այնքան վերացական չէ, որքան կրնայ կարծուիլ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Ասիլվա բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ներկայացուցած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Հայաստանի, Ճափոնի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, Սպանիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Մալիզիոյ, Չինաստանի, Մոնաքոյի, Դանիոյ, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ մէջ։
Անոր գործերը ի պահ կը մնան Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Աւինիոնի, Շամալիէրի, Հայաստանի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ Թուրքիոյ թանգարաններուն մէջ։
««Էսփաս» ցուցասրահի սեփականատէր Ահմետ Պաշար այս ցուցահանդէսին առիթով տպած է նկարներու գեղեցիկ եւ ճաշակաւոր ալպոմ մը։ Բացման օրը հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւնը հիացումով դիտեց Ասիլվայի գործերը։ Մենք եւս տպաւորուած ենք այս գեղեցիկ ցուցահանդէսով ու կը շնորհաւորենք շնորհալի արուեստագիտուհին, ինչպէս նաեւ Ահմետ Պաշարը, որ գիտցաւ գնահատել նկարչուհիին գործը եւ լաւագոյն կերպով արժեւորեց զայն», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»։