
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, ձեռամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, պիտի մեծարէ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութիւնը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօուա» հիմնարկութիւնը, որոնք միասնաբար նախաձեռնած են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու աշխատանքին:
Նոյն ձեռնարկի ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ հայ համայնքէն հետեւեալ գործիչները՝ Էլեն Ասատրեան, Նաթալի Քալպաքեան, «Ասպարէզ»ի խմբագիր՝ Արա Խաչատրեան, Նարեկ Կիտցինեան, Ժան Գոսագեան, Արա Օշական, Լեւոն Փարեան, Արա Սուտճեան եւ Կարէն Եղբայրեան:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի երրորդ յարկի «Ճան Ֆերարօ» սրահին մէջ կայանալիք ձեռնարկը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, իսկ անկէ ժամ մը առաջ տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի հասցէն է՝ 200 N. Spring Street, Los Angeles, CA 900121: Կանգառի մասին տեղեկութեանց համար, դիմել Հրակ Ետալեանին՝ hrag.yedalian@lacity.org հասցէով: