ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երբ անցեալ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գաղտնի հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հայերու հետ Ուաշինկթընի մէջ, ան իր նենգ ժպիտով եւ անուշ լեզուով սիրաշահեցաւ անոնց սիրտը: Ասիկա թրքական աւանդական դիւանագիտութեան կեղծ դիմագիծն էր:
Անցեալ շաբաթ, ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Նիւ Եորքի մէջ բացայայտեց իր կառավարութեան վայրագ եւ յարձակողական դիմագիծը: Իմանալով Ապրիլ 12ին ՄԱԿի մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայանալիք «սիմփոզիոմ»ին մասին՝ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը բողոք ներկայացուց Գլխաւոր քարտուղարութեան գրասենեակ՝ փորձելով խափանել կայանալիք միջոցառումը:
Միջոցառումը, որ կազմակերպուած էր «Trauma Outreach and Prevention» (ATOP) կազմակերպութեան կողմէ, կը կրէր «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ճամբուն՝ իրենց պատմութեան մութ էջերը ընդունող ազգերը. անոնց հոգեբանական, տնտեսական եւ մշակութային հեռանկարները» խորագիրը: Դոկտ. Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի «Գետը Կարմրեցաւ» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութենենէն ետք, մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան բեմադրիչ Գարլա Կարապետեան, դոկտ. Տենիս Փափազեան, փրոֆ. Էրվին Սթոպ եւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան:
Ոգեւորուած 2007 թուականի Թուրքիոյ յաջողութենէն, երբ անիկա կրցաւ խոչընդոտել Ռուանտայի վերաբերեալ ՄԱԿի ցուցահանդէսին ընթացքին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումը, Թուրքիոյ դեսպանը փորձեց ճնշում գործադրել ՄԱԿին վրայ, որպէսզի վերջինս արգիլէ անցեալ շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայացած «սիմփոզիոմ»ը: Բարեբախտաբար, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը, որ միջոցառման պաշտօնական հովանաւորն էր, ընդդիմացաւ եւ «սիմփոզիոմ»ը տեղի ունեցաւ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր, թէեւ՝ որոշ խանգարումներով հանդերձ:
Միջոցառման սկիզբը թուրք երկու անկոչ դիւանագէտներ մտան դահլիճ՝ փորձելով խանգարել միջոցառումը: Անոնք անդադար կը պոռային՝ մեղադրելով խօսնակները Թուրքիան վարկաբեկելու մէջ, ինչպէս նաեւ մերժեցին կատարել կազմակերպիչ կողմին պահանջները, որոնցմէ էր՝ գրաւոր ներկայացնել բոլոր դիտողութիւններն ու հարցերը: Իրարանցումը շարունակուելով, հարկ եղաւ կանչել ՄԱԿի անվտանգութեան աշխատակիցները, որոնք դահլիճէն դուրս հրաւիրեցին այդ երկու ոչ-դիւանագէտ թուրք դիւանագէտները, որոնք հեռացան անմտօրէն գոչելով՝ «Մենք ենք անվտանգութիւնը, մեզ կը պատկանի անվտանգութիւնը եւ մենք կը վճարենք անվտանգութեան համար»:
Իր ներածական խօսքին մէջ, դեսպան Նազարեան նկատել տուաւ, որ «97 տարի առաջ, պետականօրէն մշակուած ծրագիրով մը իրականացուեցաւ ոճրագործութիւն մը, որուն մասշտաբն ու հետեւանքները անզուգական են ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ ամբողջ աշխարհի պատմութեան մէջ: Հայերու ոչնչացման ծրագիրը իրականացաւ Օսմանեան կայսրութեան պետական մեքենային կողմէ՝ իր բոլոր կառոյցներուն միջոցով, եւ գործադրուեցաւ յստակ հրահանգներով»:
Դոկտ. Փափազեանի խօսքերուն խորագիրն էր՝ «Ինքնիշխանութիւնը, ազգայնականութիւնը, ցեղասպանութիւնը՝ ընդդէմ մարդասիրութեան եւ մտաւոր ազատութեան. Ցեղասպանութեան պատճառներն ու անոնց վերացումը»: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնեց անոր համար, «որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր ներկայիս թրքական կառավարութեան կողմէ որպէս յանցագործութիւն, որ կատարուած է իր նախորդ կառավարութեան կողմէ՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կոմիտէի բռնատիրութեան ներքոյ», «որ թուրք ժողովուրդը զրկուած է ճշգրիտ աղբիւրներէ՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածին պատճառով, որուն համաձայն՝ այդ մեղադրանքը կը համարուի թրքական վիրաւորանք» եւ «որ այսպիսի (Օսմանեան) հաւաքածոներ, ինչպիսիք են բռնագրաւուած կալուածներուն արխիւներն ու ռազմական արխիւները, բաց չեն ուսումնասիրողներու համար»:
Փրոֆ. Սթոպ խօսեցաւ «Յաղթել չարին. Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ խաղաղարար հասարակութիւններու ստեղծումը» նիւթին մասին: Ան նշեց, թէ «յանցագործներուն, անոնց սատարողներուն եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ աշխարհին կողմէ խումբի մը տառապանքներուն ճանաչումը, մեծ արժէք ունի ե՛ւ հետեւանքներու վերացման, ե՛ւ հաշտութիւն գոյացնելու համար»: Այնուամանայնիւ, «իրագործողները հազուադէպօրէն եւ միայն մեծ դժուարութեամբ կ՛ընդունին իրենց արարքները եւ զղջում կը ցուցաբերեն իրենց կողմէ զոհերու արժէզրկման, իրենց գաղափարախօսութեան եւ իրենց չընդունած ամօթին համար»:
Գարլա Կարապետեան ներկայացուց «Ցեղասպանութեան ընդունման տնտեսական հետեւանքները»: Ան նշեց, որ Ճ. Մայքըլ Յակոբեանը նկարահանած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու վկայութիւնները, որպէսզի անոնց ձայնը օր մը լսելի ըլլայ միջազգային այն դատարաններուն մէջ, որոնք պիտի վճռեն, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս պէտք է հատուցէ զոհերուն ժառանգորդները:
Առանց հաշուելու Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերէն բռնա-գրաւուած կալուածներուն, հողերուն եւ այլ գոյքերու արժէքները, Կարապետեան զոհուած 1.5 միլիոն հայերուն դիմաց փոխհատուցման արժէքը գնահատեց 15 միլիառ տոլարով: Անոր գնահատումը հիմնուած էր 1952էն ի վեր Ողջակիզման վեց միլիոն հրեայ զոհերուն համար Գերմանիոյ կողմէ վճարուած 60 միլիառ տոլարի փոխհատուցման վրայ: Կարապետեան իր խօսքը աւարտեց՝ առաջարկելով, որ որեւէ պետութիւն պէտք չէ օգուտ քաղէ օրէնքի խախտումէ եւ անարդարօրէն հարստանայ՝ հաւաստիացնելով, որ քրէական անցեալ ունեցող պետութեան մը պէտք չէ արտօնել, որ պահէ իր յանցագործութեան պտուղները:
Այս շաբաթ, ATOP-ի նախագահ Անի Քալայճեան նամակ մը գրեց ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին՝ բողոքելով թուրք երկու դիւանագէտներուն «սանձարձակ, ոչ մասնագիտական եւ ամբարտաւան վարքագիծին դէմ»: Ան իր տարակուսանքը յայտնեց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ՄԱԿը խաղաղութիւն հաստատել ամբողջ աշխարհին մէջ, երբ չի կրնար կարգ ու կանոն հաստատել իր գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցող միջոցառումի մը ընթացքին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ