ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» իր Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ի թիւով կը գրէ, թէ Ս. Խաչ դպրեվանքը, որուն համայնքային մարմին ըլլալու կարգավիճակը 1980ականներուն ջնջուած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, եւ զայն իր նախկին կարգավիճակին վերադարձնելու պահանջքով դատ բացուած էր պատկան իշխանութիւններուն դէմ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին գտած է իր երջանիկ լուծումը։ Արդարեւ, Վագըֆներու (հիմնարկութիւններու) խորհուրդը իր նիստի ընթացքին որոշեց Ս. Խաչ դերեվանքին վերադարձնել «վագըֆ» ըլլալու նախկին կարգավիճակը։ «Այս կերպով, Ս. Խաչ դպրեվանքը կրկին կու գայ պաշտօնապէս իր տեղը գրաւելու համայնքային մեր հինգ հաստատութիւններու կազմին մէջ. կազմ մը, որ կը բաղկանայ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն, Կեդրոնական ազգային վարժարանէն, «Գարակէօզեան» որբանոցէն, «Գալֆայեան» որբանոցէն եւ Ս. Խաչ դպրեվանքէն։ Թէեւ պաշտօնագիրը տակաւին չէ եկած, բայց կը թուի, թէ լուրը յստակ է ու վերջնական», կը գրէ «Մարմարա»։
Դատը երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէր ու այս երկար տարիներու ընթացքին, դպրեվանքցիները վարչական ընտրութիւն չէին կրնար ընել, այլ իրենց կողմէ նշանակուած անձերով կը կազմէին վարչութիւն մը, որ չունէր պաշտօնական հանգամանք։ Վերջին շրջաններուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած էր Թորոս Ալճալ, որ շատ խանդավառ ու արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանէր։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ն է, որ առաջին անգամ հրապարակեց դպրեվանքի մասին լուրը, իսկ «Սապահ»ի թղթակիցը Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ի առաւօտեան արձագանգեց լուրին։
Վագըֆներու խորհուրդը, դպրեվանքը իր նախկին կարգավիճակին վերադարձնելու որոշումին առընթեր, որոշած է նաեւ Գնալըի եկեղեցիին վերադարձնել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրոցն ու գերեզմանատունը։ Պիտի վերադարձուի նաեւ Սկիւտարի «Փրոֆիթի Իլիա» յունական եկեղեցւոյ գերեզմանատունը։
«Մեզի համար կարեւոր զարգացում է Դպրեվանքի կարգավիճակին բարելաւումը. զարգացում մը, որ կու գայ վերջ տալու չարչարալից սպասումի մը, որ կը տեւէր 27 տարիներէ ի վեր։ Վստահ ենք, որ որոշումը նոր կենսունակութիւն ու եռանդ պիտի բերէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն դպրեվանքը», կը գրէ «Մարմարա»։
Միւս կողմէ՝ Ապրիլ 18ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, պոլսահայ համայնքին կողմէ Ս. Զատկուան ճաշկերոյթ մը սարքուած էր վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմի ի պատիւ. ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ թուրք պաշտօնակատարներ, իրաւական խորհրդատուներ, նահանգային խորհրդարանի անդամներ, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, վրացիներու, հրեաներու, ասորիներու, գլտանիներու, յոյներու ներկայացուցիչներ ու հայ համայնքի գրեթէ բոլոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
Ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լաքի Վինկաս, որ նախ շնորհաւորեց հայ համայնքին Զատկուան տօնը եւ յիշեցուց, որ անցեալ տարուընէ ի վեր փոքրամասնութեան վագըֆները միշտ մնացին օրակարգի վրայ, ապա մաղթեց, որ ժամ առաջ վերջնական ձեւ առնեն անշարժ կալուածները վերադարձնելու հարցն ու ընտրական նոր կանոնագրութեան հարցը։
Խօսք առաւ նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճալ, որ ընդգծեց բարեկամական այն մթնոլոտը, որ ներկայիս կը տիրէ վարչական շրջանակներէ ներս, ու նշեց, թէ փոքրամասնութիւններն ու մահմետականները այլեւս իրարու հետ կը բաժնեն իրենց տօնական օրերը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վագըֆներու տնօրէնութեան՝ ցոյց տրուած բարի կամեցողութեան ու վերադարձուած կալուածներուն համար։
Իր կարգին, վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար եւ ըսաւ, որ տնօրէնութիւնը այժմ շնորհ մը չէ որ կ՛ընէ փոքրամասնութիւններուն, այլ պարզապէս կը վերադարձնէ այն, ինչ արդէն անոնց կը պատկանէր ու անոնց իրաւունքն է։ Այս խօսքերը դիմաւորուեցան ջերմ ծափողջոյններով։ Ան ընդունեց, թէ տակաւին կան անլոյծ հարցեր, որոնցմէ մէկն է ընտրական կանոնագրութիւնը, ու թելադրեց, որ համայնքը նախ ինք հասկացողութեան մը գայ ու պատրաստէ ծրագիր մը, զոր, այնուհետեւ, կարելի է յղել վագըֆներու տնօրէնութեան: