ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իրենց չվերաբերող գործերուն խառնուող, ուրիշներու ծրագիրներուն «գիտոսիկ»ի ուղղութիւն տուող մարդոց թիւը այնքան շատ է, որ իմաստունին ու յիմարին, գիտցողին ու չգիտցողին միջեւ ընտրութիւն կատարելը, ալ դժուարացած է ներկայիս: Յանկարծ մէկը իրեն չվերաբերող նիւթի մասին կարծիք կը յայտնէ, չիմացած լեզուով արտայայտութիւններ ունեցողին ցնդաբանութիւններուն նման, որոնք պարզապէս ծիծաղ կը յառաջացնեն ունկնդիրներուն մօտ: Դեռ, ոմանք մինչեւ իսկ կը յանդգնին գրել եւ «անմահացնել», ո՛չ միայն իրենց միտքին մէջ չկաղապարուած մտածումներ, այլ պարզապէս ուրիշներու մտածումներուն նմանողութիւնը եղող իրարու անյարիր միտքեր, որոնք այս իմաստով «ուրիշին գործերուն խառնուիլ» պիտի կոչուէր, այս անգամ անճարակ գողի խարխափող քայլերով, որոնք զիրենք պիտի հասցնեն ոստիկանին գիրկը:
«Հոտառութեան տկարութիւն ունեցողներ» կարելի է կոչել այդպիսիներ, որոնք վերահաս վտանգը բնաւ չե՛ն նախազգար, եւ անմիտ ճպուռին նման իրենց երգը կը շարունակեն երգել եւ միալար նուագը հրամցնել հասարակ հանրութեան, մինչեւ որ ձմրան ցուրտը եւ անձրեւի հեղեղը գայ ու ծառերու տերեւներով թափօր կազմած, զիրենք առաջնորդէ կոյուղիներու կեղտամուղ նրբանցքները, հոն լալու եւ ողբալու իրենց սեւ ու գարշահոտ բախտը:
Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այս կեանքի մէջ իւրաքանչիւր ոք իմանար իր տեղն ու դերը, եւ մանաւանդ իր սահմանները: Մինչեւ ո՞ւր կրնան հասնիլ քու ձեռքերդ ու ոտքերդ: Ձեռքերդ՝ խառնելու համար ուրիշին գործերը, իսկ ոտքերդ՝ ոտնահարելու համար ուրիշին կատարած դրական իրագործումները: Այդ իրագործումներէն կրնայ նոյնիսկ ըլլալ՝ ծովափին աւազով կառուցուած «դղեակ» մը: Քեզի չի՛ վերաբերիր զուր տեղ վատնուած ժամանակ նկատել այդ մարդուն աշխատանքը: Ատիկա կրնայ անոր համար «մեծ իրագործում» թուիլ, եւ կամ՝ մեծ հաճոյք կրնայ ստացած ըլլալ ան, այդ աշխատանքը կատարած միջոցին: Հոգեկան բաւարարութիւնը, միտքի հանգստութիւնը եւ զգացուած հաճոյքը, նոյնիսկ եթէ մէկ պահուան մէջ սահմանափակուի, յաճախ անհատական բնոյթ ունին, ու կրնան տարբերիլ անձէ անձ: Մէկուն աւելորդ նկատածը, միւսին համար ամէնէն կարեւորը կրնայ ըլլալ: Կրնայ պատահիլ, որ քեզի համար անպէտ նկատուած առարկան, ուրիշին համար աշխարհի ամէնէն թանկարժէք իրը համարուի: Ատիկա կրնայ հարազատի նուիրած թիթեղեայ մատանին ըլլալ, կամ թուղթի կտոր, որուն վրայ յիշատակելի գրութիւն արձանագրուած ըլլայ: Լաւագոյնն է, ուրեմն, չխառնուիլ ուրիշին գործին:
Առարկողներ կան, թէ իրենց կողմէ կատարուած միջամտութիւնները, կամ խրատատուութիւնը, ուրիշին բարիքին համար է: Այլ խօսքով, անոնք կը փափաքին, որ ուրիշներ օգտուին իրենց փորձառութենէն, եւ զուր տեղ ժամանակ չվատնեն հասնելու համար հոն՝ ուրկէ իրենք վերադարձած են արդէն:
Ասիկա ճշմարտութիւն է, սակայն այն պարագային, երբ խրատը լսող, կամ անհատին փորձառութենէն օգտուելու պատրաստ հոգիով անձեր գոյութիւն ունին ձեր դիմաց: Այլապէս, ճիշդ հակառակ արդիւնքը կրնայ տալ խրատատուին բարի ճիգը, երբ ընդհակառակը, իրեն թշնամանայ այն անձը, որուն բարիք ընել կը մտածէր ինք: Հոգեկան հիւանդութեան տեսակներու շարքին դասուած այս ձեւի բարդոյթը մինչեւ այսօր անդարմանելի մնացած է: Հալածախտ կոչուած հոգեկան հիւանդութեան խմբաւորման մէջ դասակարգուած է այս, որովհետեւ այդ հիւանդութեամբ տառապողը չի՛ կրնար զանազանել իրեն բարիք բերող, կամ չարիք սպառնացող անձը:
Կ՛ըսուի, թէ անտառին մէջ չորս կապիկներ ցուրտէն պաշտպանուելու համար կրակ վառել ուզեցին: Լուցկի չգտնելով, յանկարծ բռնեցին թռչող կայծորիկը, թեւերը կոտրեցին եւ մանր ու նուրբ շիւղեր վրան դնելով, սկսան փչել որպէսզի բոցավառեն շիւղերը, ու ապա հետզհետէ ճիւղերը շատցնելով, մեծ կրակ ունենան:
Անդիէն թռչունը, ծառին վերի ճիւղերուն վրայ թառած, ինք ալ տերեւներու մէջ ծուարած՝ պաշտպանուելու համար քամիէն, տեսաւ խեղճ կապիկներուն աշխատանքը, եւ ուղղակի խղճալով անոնց տգիտութեան, հանգիստ տեղը թողուց, վար իջաւ, ու մօտենալով կապիկներուն ըսաւ.
_ Եղբայրնե՛ր, կայծորիկով կրակ չէք կրնար վառել, անոր կռնակին վրայ փայլփլող լոյսը բնա՛ւ բոց պիտի չբռնէ:
Կապիկները նախ կարեւորութիւն չտուին անոր ճռուողիւնին, եւ շարունակեցին փչել շիւղերուն տակ իր «մահուան սնար»ին մէջ տառապող կայծորիկին վրայ: Թռչունը շարունակեց իր ճռուողիւնը եւ բազմիցս կրկնեց իր «խրատը», որպէսզի ժամավաճառ չըլլան տգէտ կապիկները: Ալ այնպիսի իրավիճակ ստեղծուեցաւ, որ թռչունին ճվճվոցը սկսաւ աղմուկ նկատուիլ կապիկներուն համար, եւ ի վերջոյ անոնցմէ մէկը արագ շարժումով թռչունը ափին մէջ առաւ, ու գլուխը փրցնելով ընկերներուն ըսաւ.
_ Հիմա երբ կրակը վառենք, այս անխելք թռչունն ալ մեզի համար համեղ խորոված կ՛ըլլայ…:
Այսպէս կ՛աւարտի այս առակը: Բարեսիրտ բայց խեղճ թռչունը առանց կրակի եփուեցաւ կապիկներուն ձեռքին մէջ…: Ճիշդ այսպէս ալ կ՛աւարտի երբեմն, իսկապէս ուրիշներուն բարիքը մտածող, ու սրտանց անոնց խրատ տուողներուն կեանքը: Ոմանք իրենց կեանքը կը վճարեն, յիմար մարդիկը դարձի բերելու, կամ անոնց ուղղութիւն տալու, եւ կամ նուազագոյն բացատրութեամբ զանոնք լուսաբանելու ճամբուն վրայ:
Ամբողջովին ճիշդ պիտի չըլլայ սխալը տեսնել, ու կոյր ձեւանալը, մանաւանդ երբ յատուկ պատասխանատուութիւն դրուած է մեր ուսերուն: Ատիկա դասալքութիւն պիտի նկատուի շատերու կողմէ: Իսկ աշխարհի մէջ փոփոխութիւն ու յառաջդիմութիւն բերելու ներքին մղումը, գիտակից մարդոց մօտ առաքելութիւն իբրեւ կը թարգմանուի, որուն կը նուիրուին անոնք իրենց ողջ կեանքի ընթացքին: Ուրեմն, նուազագոյնը պէ՛տք է փորձ կատարել՝ գէթ զգալու համար սխալի մէջ եղողին բազկերակը: Մինչեւ հոս, «ուրիշին գործին խառնուելու» յանդգնութիւն չկայ: Որովհետեւ իսկապէս ազնիւ ու անկեղծ մարդը պէ՛տք է իր փորձառութիւնը բաժնէ ուրիշներուն հետ: Այլապէս շա՜տ անձնասէր ու ինքնակեդրոն մէկը կը նկատուի ան: Սակայն, չափազանցումը, մարդս կ՛առաջնորդէ այլ տեղ: Պէտք է միշտ ականջ տալ Աւետարանին մէջ Յիսուսի տուած խրատականին, որ կ՛ըսէ. ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ անոնք մարգարիտները կոխկռտելէ ետք, դառնան ու ձեր վրայ ալ յարձակին (Հմմտ Մտ 7.6):
«Առանց կրակի եփուելու» պատուհասէն փրկուելու համար զգուշաւորութիւն պէտք է կիրարկել, եւ թոյլ չտալ որ նոյնիսկ ամէնէն արագաշարժ եւ տգէտ կապիկին ձեռքը հասնի մեր վրայ: Որովհետեւ, եթէ զգաստ եւ զգօն չես, ամէնէն արագ թափահարող թեւերն ալ ունենաս, տգէտ կապիկին երկար ու ամուր մկաններով կազմուած մատներուն մէջէն պիտի չկարենաս փախչիլ, ինչպէս պատահեցաւ վերոյիշեալ դժբախտ թռչունին: