ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայքը կը հաղորդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով, ամերիկահայերը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի միջազգային տպագրութեան թիւին մէջ հրատարակած են ծանուցում մը, որուն մէջ կոչ կայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։
Ծանուցումին մէջ ըսուած է. «Օր մը թուրք ղեկավար մը այնքա՛ն լաւ առաջնորդ մը պիտի ըլլայ, որ պիտի հասկնայ, թէ թուրք ժողովուրդը աւելի վարկ պիտի շահի, եթէ ընդունի այն մեղքերը, զորս գործուեցան այդ երկրի հողերուն վրայ։ Թերեւս Ապտուլլահ Կիւլն է, որ պիտի դառնայ այդ նախագահը»։
Այս նոյն արտայայտութիւնը աւելի առաջ տեղ գտած էր «Էքոնոմիսթ» թերթով հրատարակուած յօդուածի մը մէջ եւս։
Կայքը կը հաղորդէ նաեւ, որ հրատարակուած ծանուցումին փոխարժէքը վճարուած է հայ գործարար Ռաֆֆի Մանուկեանի կողմէ։