ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սոսկ զուգադիպութիւն էր, անշուշտ, որ Մայիս 6ի ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները հունաւորող նախընտրական քարոզարշաւին վերջին այս շաբաթը սկսաւ Մայիս 1ի Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Օրուան նշումով՝ համապատասխան կարգախօսներու եւ առաջադրանքներու ճարտասանական արծարծումով։
Այսուհանդերձ՝ ընտրապայքարի քաղաքական խճանկարին վրայ նետուած ուշադիր հայեացք մը բաւարար պիտի ըլլայ ընդգծելու համար, որ ընդհանրապէս ալ ընկերատնտեսական եւ լայն ընդգրկումով հասարակական օրակարգը գերիշխող եղաւ նախընտրական մրցավազքի բոլոր փուլերու ընթացքին։
Եւ բնական ու հասկնալի է, որ այդպէ՛ս պիտի ըլլար։
Ի վերջոյ ժողովրդավարական ընտրութեանց համար ընդհանուր օրինաչափութիւն է ատիկա։
Քաղաքական խնդիրները, ազգային անվտանգութեան հրամայականներէն մինչեւ տարածաշրջանային թէ միջազգային կողմնորոշումի ընտրանքները, որեւէ երկրի եւ որեւէ ընտրապայքարի ընթացքին, որքան ալ հրատապ ու առաջնային նշանակութիւն ստանան, վերջին հաշուով արտացոլումն են տուեալ ազգի ու ժողովուրդի ազատ ու արդար, ապահով եւ բարօր կեանքի պայմաններուն բարելաւման գլխաւոր պահանջին՝ ընկերային բարեշրջման յառաջատար մղումին։
Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացառութիւն կազմելու պատճառներ չունին։ Ընդհակառա՛կն. նոյնինքն ազգային ապահովութեան ամրապնդման, արտաքին վտանգներու դիմագրաւման եւ պետական հզօրացման հրամայականները իրե՛նք կը թելադրուին հայրենաբնակ հայութեան ընդհանուր կեցութեան բարեշրջման գլխաւոր պահանջէն՝ ընկերային արմատական ու համակարգային բարեկարգումներու օրակարգէն։
Ազգային մեր անբախտութիւնն է, որ ընկերային օրակարգին այս առաջնահերթութիւնը միայն ձեւականօրէն եւ շրթունքի ծառայութիւն՝ lip service մատուցելու մտայնութեամբ ընկալուած է վերանկախացեալ Հայաստանի ներ– քաղաքական դաշտը ձեւաւորող ուժերու մեծ մասին կողմէ։
Իսկ Մայիս 6ի Ազգային Ընտրութեանց քարոզարշաւի ամբողջ ընթացքին, նոյնինքն հայրենաբնակ ընտրազանգուածին հետ, բոլորս ականատես ու ականջալուր դարձանք անհեթեթի սահմաններն իսկ գլող–անցնող ելոյթներու եւ ամբոխավարութեանց՝ յանուն մեր ժողովուրդի ընկերային պահանջներու իրականացման…
Տեսա՛նք, թէ Հանրապետութեան նախագահն ու Հանրապետականի կուսակցապետը ինչպէ՜ս երդում–պատառ եղաւ, որ իր ղեկավարած քաղաքական ուժը, իշխանութեան գլխուն պահուելու պարագային, ոգի ի բռին պիտի պայքարի եղե՜ր յանուն մեր ժողովուրդի ընկերային պաշտպանուածութեան ու ընկերային արդարութիւնը երաշխաւորող պետականութեան…
Տեսա՛նք, թէ առանձնաշնորհումներու համակարգով պահուող իշխանութեան կարկանդակին աւագ թէ կրտսեր բաժնեկիցները՝ Բարգաւաճ Հայաստանն ու Օրինաց Երկիրը ինչպիսի՜ արդարամիտ օրէնքներ խոստացան ընտրազանգուածին… վստահութեան քուէ ստանալու պարագային։
Տեսա՛նք, թէ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը, որ ինք հիմը դրած էր իշխանութեան միեւնոյն անարդար համակարգին եւ մինչեւ երէկ կը վայելէր անոր մեղքի պտուղները, ինչպէ՜ս կոկորդը կը պատռէր մեր ժողովուրդին համոզելու համար, թէ կ՛ուզէ խորհրդարան մտնել երէկի իր սխալները սրբագրելու եւ մեր ժողովուրդին ընկերային արդարութիւն բերելու առաջադրանքով։

Տեսա՛նք, թէ ինչպիսի՜ թերահաւատութեամբ դիմաւորուեցաւ երէկ իշխանութեան գործընկեր եղած, հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց դէմ բողոքելով իշխանաւոր համախմբումէն դուրս եկած եւ այսօր համակարգային արմատական բարեկարգումներ առաջադրող Դաշնակցութիւնը։ Մինչ իշխանաւոր ճամբարի մեկնաբանները փորձեցին «անիրատես» հռչակել մեծաթիւ աշխատատեղերու եւ բարձր աշխատավարձերու ՀՅԴ քարոզարշաւին առաջադրանքները, ընտրազանգուածին համար տակաւին անհասկնալի կը մնայ, թէ ընկերային արդարութեան պաշտպան Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս համակերպացաւ այսօրինակ մենաշնորհեալ իշխանաւորներու հետ գործընկերութեան…
Տեսա՛նք, թէ Ժառանգութիւնը, Ազատ Դեմոկրատները եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը որքա՜ն շունչ սպառեցին, որպէսզի ընտրազանգուածին եւս փորձեն վարակել իրենց այն լաւատեսութեամբ, թէ իրենց Ազգային Ժողով մուտքով դուռը պիտի բացուի ընկերային բարեկարգումներու յաղթարշաւին առջեւ…
Իսկ Համայնավար կուսակցութեան մասին չ՛արժեր խօսիլն անգամ, որովհետեւ ընկերային օրակարգը գաղափարախօսական բռնակալութեան հիմք ծառայեցուցած խորհրդային ամբողջատիրութեան ուրուականը տակաւին երկար ժամանակ անընդունելի պիտի մնայ հայրենի հայութեան համար։
Քանի մը օրէն կ՛աւարտի նախընտրական քարոզարշաւը եւ ՀՀ քաղաքացին կը դիմէ քուէատուփ՝ Ազգային Ժողովի նոր կազմը ընտրելու համար։
Իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր բոլոր մրցակիցներն ալ գոհունակութիւն կը յայտնեն, որ նախընտրական քարոզարշաւը բաւականաչափ «բարեկիր»չ ընթացք մը ունեցաւ եւ ծառայեց մրցակիցներու տեսակէտները ընտրազանգուածին ազատօրէն հասցնելու նպատակին։
Եւ ընտրազանգուածի վստահութեան քուէին յաւակնող բոլոր ուժերն ալ կը յամառին ընկերային արդարութիւն հաստատելու դրօշը բարձր պահել իրենց գլխուն վերեւ։
Ընկերային օրակարգին առաջնահերթութիւնը ամէնէն աւելի կը գովազդեն յատկապէս իշխանութեան կարկանդակը երէկ վայելած կամ այսօր իրենց ակռաներով ամուր սեղմած այն ուժերը, որոնք միակ պատասխանատուն են հայրենաբնակ հայութեան կեանքը թունաւորող անարդարութեանց սերմանումին, ինչպէս եւ ազգային կամքն ու հասարակական համերաշխութիւնը ջլատող ցեցերուն…
Վստահաբար ա՛յդ էր պատճառը, որ անարձագանք մնաց Դաշնակցութեան առաջարկած եւ նախընտրական քարոզարշաւը մրցակից կուսակցութեանց առաջին դէմքերու հրապարակային բանավէճով աւարտելու հրաւէրը։
Ամէն պարագայի, իսկական անբախտութիւն է, որ Մայիս 6ի քաղաքական ընտրապայքարին մեր ժողովուրդը կը ներկայանայ առանց Մայիս 1ի ընկերային կողմնացոյցին։
Մեր ժողովուրդը տակաւին զուրկ է ընկերային արդարութեան քայլ առ քայլ ամրապնդման ուղին մատնանիշ ընող նորօրեայ այն կողմնացոյցէն, որ ձեւականօրէն մաքուր ձեռքերով ու միջազգային չափանիշներով յառաջ ընթացող ընտրապայքարէն անդին սեւեռելու, հակի՛րճ՝ Հայաստանի ու հայութեան վաղուան օրը վտանգի տակ դնող անարդարութեանց քուէ չտալու հնարաւորութիւնը պիտի ընձեռէ հայրենի ընտրազանգուածին։