
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ պաշտպան կանգնած է Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր Կարօ Փայլանին՝ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանի յայտագիրի մը ընթացքին անոր դէմ կատարուած սպառնալիքներուն կապակցութեամբ, միաժամանակ, Հինգշաբթի, Մայիս 3ին դատ բանալով այդ սպառնալիքը կատարած Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդի հայկական բաժանմունքի նախագահ Քեմալ Չիչեքի դէմ:
«Սի.Էն.Էն.» կայանէն սփռուած Ահմետ Հաքանի պատրաստած յայտագիրին կը մասնակցէր նաեւ Կարապետ Փայլան, որ, ինչպէս յայտնի է, յաճախ խիզախ ելոյթներ կ՛ունենայ հեռատեսիլի կայաններէն եւ հարցականներ օրակարգի կը բերէ՝ Հայկական Հարցին գծով պետութեան պաշտպանած պաշտօնական տեսակէտին մասին։ Ահմետ Հաքանի յայտագիրին ընթացքին, Չիչեք անհանգստացած էր Կարօ Փայլանի խօսքերէն ու ըսած էր, որ եթէ ան շարունակէ այսպէս խօսիլ, ապա նշաւակ կը դառնայ թուրք ժողովուրդի հակազդեցութեան։ «Քո՛ւ ալ վախճանդ Քալիֆորնիա կ՛ըլլայ», ըսած էր ան՝ բացայայտ սպառնալիքի շեշտ մը դնելով իր խօսքին մէջ։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան յանձնախումբը կը նշէ, որ միլիոնաւոր ունկնդիրներու առջեւ կատարուած այս սպառնալիքը կը յիշեցնէ ապահովութեան տնօրէնութեան երդիքին տակ Հրանդ Տինքին ուղղուած այն սպառնալիքը, ուր ըսուած էր. «Եթէ այսպէս շարունակես, գլխուդ գործ կրնայ բացուիլ»։ Ասիկա «Այս երկիրը կա՛մ կը սիրես, կա՛մ կը հեռանաս»ի մտայնութիւնն է։
Ըստ «Մարմարա»ի, Մարդկային իրաւունքներու միութեան յանձնախումբը կը քննադատէ նաեւ Ահմետ Հաքանը, որ հեռատեսիլի կայանի մը եթերէն, իր ունեցած լայն կարելիութիւնները որպէս նուէր կը տրամադրէ այնպիսի անձերու, որոնք յայտագիրին ընթացքին կը խաղան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան հետ եւ կը վիրաւորեն հայերու զգացումները։ «Ահմետ Հաքան ոչ միայն չանհանգստացաւ Կարօ Փայլանի հասցէին կատարուած սպառնալիքէն, այլ նաեւ յայտագիրի վերջաւորութեան կրցաւ ըսել. «Որքա՛ն լաւ է, որ կրնանք այսպէս վիճաբանիլ իրարու հետ»։ Այս խօսքերով ան արդէն վարձատրած եղաւ սպառնալիք ընողը ու գեղեցկացուց սպառնալիքը», նշուած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ։
Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբը, նկատի առնելով, որ Կարօ Փայլանի հասցէին եղած սպառնալիքը յանձնախումբի գործունէութեան դաշտին մէջ կ՛իյնայ՝ Փայլանի պաշտպանութեան համար հանրահաւաք մը իրականացուց Հինգշաբթի Մայիս 3ին, Չաղլայանի դատական պալատին առջեւ, ուր յայտարարուեցաւ, թէ Քեմալ Չիչեքի դէմ գանգատը պիտի յղէ դատախազութեան։

Իր կարգին, Թուրքիոյ «Ո՛չ ըսենք ազգայնականութեան եւ ցեղապաշտութեան» կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ դատական հայց պիտի ներկայացնէ Չիչեքի դէմ, եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է, «պատմաբան»ը պաշտօնէն հեռացնել:
«Ցեղասպանութեան յիշատակման՝ Ապրիլի 24էն մէկ օր անց, Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու հասցէին կատարուած այդ սպառնալիքը կը հետապնդուի Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 216րդ՝ «Ժողովուրդը ատելութեան եւ թշնամութեան դրդելու» յօդուածով: Քեմալ Չիչեքի սպառնալիքն ուղղուած է ոչ միայն Կարօ Փայլանին, այլ Թուրքիոյ բոլոր հայերուն: Նման մտածելակերպի դէմ մենք կանգնած ենք բոլոր հայ քաղաքացիներուն կողքին, եւ կոչ կ՛ընենք պաշտօնէ հեռացնել Քեմալ Չիչեքը», ըսուած է կազմակերպութեան կողմէ Մայիս 3ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: