ԵՐԵՒԱՆ, «Սլաք».- Հայաստան 2661 կէտով կը գրաւէ 4րդ դիրքը ճատրակի բնագաւառին մէջ յաջողութեան հասած երկիրներու ցանկին մէջ, զոր հրապարակած է Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը՝ ՖԻՏԷն:
Հայաստան ներկայիս ունի ճատրակի 33 վարպետ, 25 միջազգային վարպետ եւ ընդհանուր հաշուով կոչում ունեցող 87 խաղացող:
Այս ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ Ռուսիան՝ 2747 կէտով, 2112 խաղացողով, որոնց 213ը վարպետ են, իսկ 490ը՝ միջազգային վարպետ:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ուքրանիան, երրորդ՝ Չինաստանը։