– «Նիուզ.ամ» կայքին վրայ հրատարակուած է տարօրինակ ու արտառոց լուր մը, զոր մասամբ կը հրատարակենք՝ առանց մեկնաբանութեան. «Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին տարածուիլ գրութիւններ եւ յայտարարութիւններ, որոնց մէջ թշնամութիւններ կամ օտարատեացութիւն կայ, յատկապէս՝ քրիստոնեաներու դէմ։ Այսպէս, ֆութպոլի նշանաւոր «Ֆեներպահչէ» ակումբի հակառակորդներու կողմէ ընկերային կայքէջերու վրայ տարածուած է «Ֆեներպահչէ»ի խորհրդանշանին իմաստը «պարզաբանող» գրութիւն մը, ուր ակնյայտ թշնամութիւն կը սերմանուի հրեաներու, յոյներու եւ հայերու դէմ»։ Հայերու մասին կը գրուի նաեւ հետեւեալը. «Պատահական չէ, որ «Ֆեներպահչէ»ն, որ հայերու կողմէ ստեղծուած եւ բազմաթիւ հայ նախագահներ ունեցած է, իր խորհրդանշանին մէջ ներառած է Հայաստանի դրօշին գոյները՝ դեղին, կապոյտ եւ կարմիր»։
– 1974ին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Կիպրոսի հիւսիսային մէկ երրորդի բնակչութեան կողմէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մօտ բացուած դատերուն հետեւանքով, Թուրքիա վերջին վեց տարիներու ընթացքին մօտաւորապէս 135 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում վճարած է: Այս հարցով զբաղող յանձնաժողովը ցարդ ստացած է 3172 դիմում, որոնցմէ միայն 327ը քննուած է եւ որոնց մեծ մասին պարագային՝ Թուրքիոյ դէմ վճիռ արձակուած է:
– Այս տարուան Յունուար-Մարտ եռամսեակին, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի արժէքը 636,598 միլիոն տոլարի հասած է: Ատրպէյճան արտածած է 496,578 միլիոն տոլարի ապրանք՝ միաժամանակ Ամերիկայէն ներածելով 140,019 տոլարի ապրանք: 2011ի Յունուար-Մարտի տուեալներուն հետ բաղդատած՝ Ատրպէյճանէն Ամերիկա արտածումները աճած են 10.4 տոկոսով, իսկ ներածումները կրճատուած են 8.8 տոկոսով: Անցեալ ամբողջ տարուան ընթացքին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը հասած էր 2.4 միլիառ տոլարի: