ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ 2 Մայիսին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ, հեղինակ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնի շնորհանդէսը:
Ժապաւէնը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներուն ու աղջիկներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւններուն մասին: Ժապաւէնին հիմքը Ս. Խարտալեանի դաջուածքներ ունեցող մեծ մօր պատմութիւնն է, անիկա կը կոչուի «Տատիկիս դաջուածքները», որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնաբարուած եւ առեւանգուած հայ կիներուն ձեռքերն ու դէմքերը արաբական եւ թրքական նախշերով կը դաջուէին։