ՍՔԱՑՏԷՅԼ, Արիզոնա.- Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 85րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովի ծիրէն ներս, Հոգեւորականաց տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ Մայիս 3ին, Սքացտէյլի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, որ բացման աղօթքը կատարելէ ետք, ողջունեց թեմի հոգեւորականները եւ կատարեց Ս. գրային խորհրդածութիւններ:
Ժողովին ատենապետն էր Աւետիս քհնյ. Աբովեան, իսկ ատենադպիրը՝ Յովէլ քհնյ. Օհանեան: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.
ա. Հոգեւոր հովիւ եւ ծուխ. եկեղեցւոյ ծրագիրներու տրամաբանական շարունակութիւն (ինպէ՞ս յաջողիլ), որ ներկայացուց Գէորգ Ա. քհնյ. Առաքելեան:
բ. Ժողովուրդ եւ եկեղեցի. անդամակցութիւն (հիմնա՞րկ թէ առաքելութիւն), զոր ներկայացուց Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան:
գ. Բարձրագոյն կրթօճախներու առաքելութիւն, զոր ներկայացուց Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան:
Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն եւ ժողովը փակուեցաւ սրբազանին գնահատական խօսքով եւ «Պահպանի»չ աղօթքով:
Առաջնորդին եւ Թեմական խորհուրդի որոշումով, այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով թեմական եւ Տիկնանց միութեան 60րդ պատգամաւորական ժողովներու առաջին նիստը համատեղ կերպով գումարուեցաւ նշեալ եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ, Մայիս 4ին:
Առաջնորդը կատարեց բացման աղօթքը: Թեմակալ 85րդ պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ՝ իրաւաբան Ճեֆ սրկ. Հազարեան եւ Տիկնանց միութեան 60րդ պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ Անի Լանուզա յայտարարեցին, որ օրինական մեծամասնութիւն գոյացած էր, որմէ ետք Յովէլ քհնյ. Օհանեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պատգամը, որ յղուած էր հոգեւորականաց համագումարի, եւ զոյգ պատգամաւորական ժողովներուն առթիւ: Պատգամին անգլերէն թարգմանութիւնը կարդաց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան:
Ապա, ատենապետ Հազարեանի հրաւէրով, առաջնորդը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը:
Կէսօրուան ճաշէն ետք, սրբազան հօր տնօրինումով, Տիկնանց միութեան պատգամաւորական ժողովին նախագահեց Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան: Ժողովը տեղի ունեցաւ «Մելիքեան» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Թեմական պատգամաւորական ժողովին դիւանը՝ սրբազանին նախագահութեամբ, կը բաղկանար հետեւեալներէն՝ Ճեֆ սրկ. Հազարեան (ատենապետ), Սթիվ սրկ. Էտըմզ (փոխատենապետ), Լիլի Պալեան (ատենադպիր անգլերէնի) եւ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան (ատենադպիր հայերէնի):
Ժողովը կարգապահութեամբ գործադրեց պատրաստուած եւ բոլորին կողմէ վաւերացուած օրակարգը: Ատենապետի հրաւէրով յաջորդաբար ներկայացուեցան տեղեկագիրներ, որոնք արդէն իսկ ժողովի գրքոյկին մէջ տպուած եւ պատգամաւորներուն ղրկուած էին:
Պատգամաւորները վաւերացուցին առաջնորդարանի 2013ի ամավարկը եւ 2014ի նախատեսուած ամավարկը: Ապա կատարուեցան ընտրութիւնները:
Թեմական խորհուրդի 2012-2013 կազմը հետեւեալն է՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Արմէն Համբար, Ռապըրթ Պարսամ, Եուրի Յակոբեան, Սուզի Գրիգորեանց, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Պարլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեան, դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեան, Անդրանիկ Զօրայեան, Սարգիս Տէր Սարգիսեան, Պարգեւ Համալեան եւ իրաւաբան Ճան Տահլպըրկ:
2005էն ի վեր, թեմէն ներս գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է պատգամաւորական Ժողովի օրը «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով պարգեւատրել թեմէն ներս երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւն մատուցող կարգ մը հայորդիներ: Սրբազանը իր պատգամէն ետք վերոյիշեալ պարգեւատրման արժանացուց Սարգիս Տէր Սարգիսեանը, Տերիք Ղուկասեանը, Խաժակ Գոնիալեանը, Էմմա Մելիքեանը, Սիլվա Յակոբեանը եւ Ճինի Թօփալեանը: Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւրի պատկանած եկեղեցւոյ մէջ իր յաջորդ այցելութեան հանդիսաւորապէս պիտի կատարէ պարգեւատրումը ի ներկայութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին:
Բոլորին համար անակնկալ եղաւ, երբ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան կարդաց՝ առաջնորդին բարեխօսութեամբ, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Համբարի ծննդեան 80րդ տարեդարձին առթիւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի յղած շնորհաւորական գիրը:
Սրբազանը փակման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանին, գնահատեց բոլոր պատգամաւորներուն մասնակցութիւնը եւ օրհնեց զիրենք: Ան յատուկ գնահատութեան արժանացուց Ս. Աբգար եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանը, որուն հսկողութեամբ հիւրընկալ յանձնախումբը լաւագոյնս կազմակերպած էր ժողովները:
Միւս կողմէ, Տիկնանց միութեան ժողովին ընթացքին նկատի առնուեցան տարուան ընթացքին միութեան գլխաւոր կարեւոր ձեռնարկները, իսկ գանձապահ Այտա Սէթեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը, որ գնահատութեամբ ընդունուեցաւ: Իսկ Պեքի Ճորճորեան ներկայացուց հաշուեքննիչ յանձնախումբին տեղեկագիրը: Վաւերացուեցաւ 2012-2013ի ամավարկը, ապա իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ատենապետուհին իր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը ներկայացուց պատգամաւորներուն: Թեմի նորակազմ ծուխերը եւս իրենց պատգամաւորներով մասնակցեցան այս համագումարին: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան զեկոյցներ ու տեղի ունեցան ընտրութիւններ:
Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի 2012-2013 կազմն է՝ Արփի Պարսամ, Արաքսի Պոյամեան, Այտա Սէթեան, Այտա Էսքիճեան, Կլատիս Սարոյեան, Անի Մարգարեան, Մելինէ Ուզունեան, Պէքի Ճորճորեան, Ալիս Իսկէնտէրեան եւ Անի Լանուզա:
Փակման խօսքը կատարեց ատենապետուհի Անի Լանուզա, որ Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, իր հոգածութեան եւ տուած ցուցմունքներուն համար: Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան իր փակման խօսքին մէջ առաջնորդին անունով գնահատեց Տիկնանց միութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու օգտակար ծառայութիւնները, մասնակցութիւնը կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Ժողովներու աւարտին, Ս. Աբգար եկեղեցւոյ «Մելիքեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որու ընթացքին գործադրուեցաւ արժանավայել յայտագիր: ներկայ էին նաեւ հետեւեալ պետական հիւրերը՝ քոնկրեսական Տէյվիտ Շուինքըթ եւ Սքացտէյլի քաղաքապետ՝ Ճիմ Լէյն: