
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը պատմական քայլ մը պիտի կատարէ: Արդարեւ, թանգարանին մէջ պիտի բացուի 1915ի տեղահանութիւններու եւ սպանութիւններու ընթացքին հայերուն օգնած թուրքերուն նուիրուած բաժին մը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը, այս մասին թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ 2008էն սկսեալ, թանգարան թուրք այցելուներուն թիւը աւելցած է. այս տարի թանգարանը ունեցած է շուրջ 100 այցելու Թուրքիայէն:
«Թուրքիայէն ժամանողները յաճախ կը հարցնեն՝ «Այստեղ տեսածներս որքանո՞վ հաւաստի են, որքանո՞վ կրնամ հաւատալ»: Սակայն տասը այցելուէն ինն համոզուած դուրս կու գան թանգարանէն: Մենք այցելութիւններու գիրք ունինք: Այնտեղ թրքերէն իրենց տպաւորութիւնները պատմած եւ ստորագրած մարդիկ ալ կան: 25-26 տարեկան երիտասարդ մը, որ Պոլսոյ համալսարանին մէջ համակարգչային գիտարուեստ կ՛ուսանէր, լացած է մեր թանգարանին մէջ», պատմած է Դեմոյեան:
Դեմոյեան թուրք լրագրողներուն հաւաստիացուցած է, որ թանգարանին մէջ բոլոր թուրքերը յանցագործներ չեն որակուիր: «Ասիկա հայերուն պատմութիւնը պատմող թանգարան չէ: Ասիկա իրականութեան մէջ թուրքերու եւ հայերու յուշերը, անցեալը պատմող թանգարան է», ըսած է ան:
Դեմոյեան տեղեկացուցած է, որ թանգարանը ունի բազմաթիւ փաստաթուղթեր՝ հայերուն օգնած թուրքերու եւ այլ իսլամներու մասին: «Հայերուն օգնած թուրքերը մեծ նկարի մը մէկ հատուածն են: Շատ թուրքեր, հայերուն օգնելով՝ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկած են: Օսմանեան կառավարութեան որոշած տեղահանութեան ընթացքին, հայերուն օգնութիւն ցուցաբերողներուն խիստ պատիժ կը սպառնար. այդ պատիժը սեփական տան առջեւ կախաղան բարձրացնել էր», բացատրած է Դեմոյեան: