ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները արդէն վերջնականացած են: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է համամասնական եւ մեծամասնական խորհրդարանական աթոռները։ Ըստ անոնց, Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ՝ համամասնական 40 եւ մեծամասնական 29 աթոռներով (69): Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը 28 համամասնական եւ 9 մեծամասնական աթոռ պիտի ունենայ (37), «Հայ Ազգային Կոնգրես» դաշինքը՝ 7 համամասնական, «Օրինաց Երկիր»ն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները՝ 5ական համամասնական եւ մէկական մեծամասնական (6ական) եւ «Ժառանգութիւն»ը՝ 5 համամասնական: Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է նաեւ անկուսակացական մէկ պատգամաւոր:
Նորընտիր Ազգային ժողովը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն երկու երրորդի ընտրութենէն ետք՝ երրորդ Հինգշաբթի օրը՝ Մայիս 31ին: