ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թէեւ «մաքսանենգութիւն» բառը լրիւ չ՛արտայայտեր անգլերէն «trafficking» բառով ընկալուած իմաստն ու հասկացութիւնը, այսուհանդերձ՝ «ապօրինի առուծախ» ենթադրող «մաքսանենգութիւն»ը առաւելագոյն չափով հասկնալի կը դարձնէ այսօրուան մտածումին խնդրոյ առարկայ հասարակական չարիքը։
Նաեւ՝ լեզուամտածողութիւն յղկելու նախանձախնդրութենէն չի թելադրուիր, որքան ալ ինքնին կարեւոր ըլլայ այդ մէկը եւս, մաքսանենգութիւն եւ trafficking բառերու նոյնիմաստ նշանակութեան վրայ դրուած այս շեշտը։
Բառեզրի ընդգծումը կը բխի, Մայիս 6ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց առիթով, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցչական դէմքերէն Ստեփան Սաֆարեանի հրապարակած համացանցային մէկ մեկնաբանութենէն, որ կը կրէ «Ընտրական Թրաֆիքինգ» խորագիրը եւ կը հաստատէ, թէ՝
«… Մարդկանց առեւտուրը միայն մարդու աշխատուժը, մարմինը շահագործելը, մարդուն իբրեւ ապրանք գնելն ու դիտարկելը չէ, նրա կեանքի հետ տարբեր խաղեր խաղալը չէ։ Մարդկային առեւտուր եմ համարում մարդու կեանքի ու արժանապատուութեան հետ կապուած ցանկացած իրաւունքի գնումը եւ շահագործումը։ Իսկ դրանց մէջ մտնում է նաեւ նրանց խիղճը, ընտրելու ազատութիւնը գնելը։ Հետեւաբար, Հայաստանի ընտրութիւնները գնալով վեր են ածւում մարդկանց զանգուածային առեւտրի՝ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԹՐԱՖԻՔԻՆԳի, քանի որ հասարակութեան մի զգալի հատուած, իր կամքով կամ պարտադրուած, ներգրաւուած է այդ հրէշաւոր յանցագործութեան մէջ»։
Նմանօրինակ մեկնաբանութիւններով յագեցած է այսօր հայ քաղաքական մտքի առօրեան։
Եւ ընթերցողը պարզ աչքով ալ ի վիճակի է նկատելու, որ յետ–ընտրական շրջանի Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը կը յատկանշուի, համապատասխանաբար, խմորումներու եւ զարգացումներու հետեւեալ ուղղութիւններով.–
Մէկ կողմէ քաղաքական ուժերը արժեւորումը կը կատարեն ընտրութեան արդիւնքին՝ հետագայ իրենց վարքագծին նշանակակէտերը ճշդելու համար։
Իսկ միւս կողմէ քուլիսային եռուզեռ է՝ ներ–քաղաքական դաշտի մէջ ուժերու եւ դիրքերու վերադասաւորման ճամբով, իշխանութեան ու ընդդիմադրութեան ընդհանուր բեմը տեսքի բերելու համար։
Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը անշուշտ տակաւին կը շարունակէ ըմբոշխնել իր յաղթանակին պարգեւած գինովութիւնը։ Օտար դէտերն ու մեծապետական ուժերն ալ չեն վարանիր իրենց օրհնութիւնը շնորհելու իշխանաւոր ճամբարի յետ–ընտրական հեշտանքին՝ Մայիս 6ի ընտրութեան թափանցիկ ու մաքուր ընթացքը գովազդելու իշխանութեանց ինքնասքանչացումին թեւ ու թռիչք տուող յայտարարութիւններ շռայլելով։
Այդ առումով աննախանձելի վիճակի մէջ յայտնուած են խորհրդարան մուտքի համար անհրաժեշտ տոկոսային սահմանը յաղթահարած, բայց իրենց ակնկալած քուէի տոկոսներէն շատ վար ինկած ուժերը։ Աննախանձելի է անոնց յետ–ընտրական դառն տրամադրութիւնը, որովհետեւ փաստօրէն իրենց քաղաքական պարտութեամբ կը վճարեն գինը միայն երեւութապէս թափանցիկ ու մաքուր ընտրութեանց կայացումին… Իբրեւ ժողովրդավարական պետութիւն Հայաստանի միջազգային վարկը բարձրացնելու անոնց նախընտրական մտասեւեռումը այնքան գերիշխող եղաւ, որ կամայ թէ ակամայ անոնք պարտաւորուեցան աչք գոցելու ընտրապայքարը ամբողջապէս հակակշռի տակ պահելու նախագահական իշխանութեան այս համակարգի նկրտումներուն եւ, այդ նպատակով, պետական ղեկը ստանձնած ուժին ինքնապահպանման ու վերահաստատման լծակներուն՝ օրինական թէ ապօրինի հնարաւորութիւններուն վրայ։
Մանաւանդ որ 6 Մայիս 2012էն ետք այլեւս գոյութեան իր իմաստն ալ կորսնցուցած է այսպէս կոչուած արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը։
Ի վերջոյ Մայիս 6ին ընտրազանգուածը ստիպուեցաւ ընտրել պետութեան փաստացի տիրոջ եւ պետական իշխանութեան յաւակնորդներուն միջեւ։
Ընդդիմադրութիւնը անշուշտ որ կը գիտակցէր, թէ նախագահական իշխանութիւնը իր գոյութեան կռիւը կը մղէր եւ պատրաստ էր, յանուն իր ամբողջական հակակշռին ենթակայ Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան մը ձեւաւորումին, պետական կռուաններուն հետ վարուելու իբրեւ սեփական ուժի լծակներ։ Այն օրէն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջողեցաւ կառավարական համախմբումին մաս կազմող երեք կուսակցութեանց պարտադրել 2013ին իր նախագահական թեկնածութիւնը պաշտպանելու պաշտօնական պայմանաւորուածութիւնը, այդ օրէն ընդդիմադրութեան թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական թեւերուն համար բացայայտ էր, որ հանրապետութեան գործող նախագահը ամենայն կարելին պիտի ընէր, այլեւ օրինապէս անկարելին ու ժողովրդավարականօրէն անթոյլատրելին ալ պիտի փորձէր ի գործ դնել, որպէսզի յաղթական դուրս գար։
Շատ աւելիին ալ կը գիտակցէր ընդդիմադրութիւնը, երբ յանուն թափանցիկ ու մաքուր ընտրութեան կայացումին՝ բաւարարուեցաւ նախագահական իշխանութեան օրինազանցումներուն սոսկ մատնանշումը եւ դատապարտումը կատարելով։
Կա՛րճ. պետութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուող նախագահական իշխանութեան այս համակարգին արմատական փոփոխութիւնը ընտրական առաջադրանքէ մը աւելին չեղաւ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերուն համար։
Մինչդեռ ըստ ամենայնի ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ զայն զսպանակող նախագահական ընտրութեանց կիզակէտը արատաւոր այս համակարգին արմատական փոխարինումն էր, որ իր ժողովրդավարական խաղականոնները պէտք է պարտադրէր ամբողջ ընտրապայքարին։
Այսինքն՝ թափանցիկ եւ մաքուր ընտրութեանց չափ, եթէ ոչ աւելի, նախապայման էր եւ այսօր ալ նախապայմանի իր կարեւորութիւնը կը պահէ կանխարգիլումը նախագահական իշխանութեան սանձարձակութիւններուն՝ պետական լծակներու կամայական օգտագործման ճամբով, ընտրակաշառքի եւ ընտրաճնշումի բացայայտ թէ քողարկուած քայլերու իրականացման մէջ։
Այդ առումով է, ահա՛, որ ընդդիմադրութիւնը այսօր յայտնուած է աննախանձելի վիճակի մէջ։
Ո՛չ կրնայ ընդունիլ, որ ընտրութեանց արդիւնքը կ՛արտայայտէ ընտրազանգուածի մեծամասնութեան կամքը, ոչ ալ կրնայ օրինախախտումներու վերագրել նախագահական իշխանութեան ձեռք բերած բացարձակ մեծամասնութիւնը Ազգային Ժողովի նորընտիր կազմին մէջ։
Փաստօրէն ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը՝ Արմէն Ռուստամեան կ՛արտայայտէր ընդդիմադրութեան ընդհանուր մօտեցումը, երբ երկու օր առաջ կը յայտարարէր մամուլին, թէ՝ «ասում են, չկայ չարիք՝ առանց բարիք. դրանից կարելի է վերաիմաստաւորել մեր պայքարը, հասկանալ՝ պրոբլեմները որտե՛ղ են։ Մենք էլ երեւի մեր սխալները կ՛ուղղենք, կը բիւրեղանանք, կը գնանք առաջ։ Ժողովուրդն էլ մեր պայքարը կը տեսնի, կը հասկանայ, որ նուիրեալներ կան, այս հիասթափուած վիճակից դուրս կը գայ. սա՛ է ճանապարհը, ուրիշ ճանապարհ չկայ»։
Սեփական սխալներուն անդրադառնալով, ինքնաքննադատաբար զանոնք խոստովանելով եւ անոնց համար պատասխանատուութիւն կրելու պատրաստ գտնուելով է, որ ընդդիմադրութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլայ նախ իր բոլոր թեւերով ընդհանուր յուսալքութեան այս պահը յաղթահարելու, ապա եւ աւելի կարեւորը՝ մեր ժողովուրդը դուրս հանելու անզօրութեան եւ ճարահատութեան ճահճահուտէն։
Նախագահական իշխանութեան ճամբարը, անկասկած, ամէն գնով պիտի փորձէ անխնայ եւ առաւելագոյն չափով շահարկել ընդդիմադրութեան կրած ընտրական պարտութիւնը։ Պիտի աշխատի, ներքնապէս փոխադարձ անվստահութիւն սերմանելով, տարակարծութեան ճեղքերը խորացնել ու պառակտել ընդդիմադրութիւնը։ Պիտի փորձէ, այլեւայլ խայծերով, իրեն մօտեցնել եւ իր իշխանութեան կարկանդակէն բաժին հանել երէկուան ընդդիմադրութեան այսպէս կոչուած «յուսալի» տարրերուն։ Պիտի փորձէ, մանաւանդ, ընտրազանգուածի լայն խաւին մէջ արմատաւորել այն գովազդային տպաւորութիւնը, թէ նախագահական իշխանութեան հետ խաղ չկայ եւ իրապէս մեծամասնութիւն է հանրապետութեան նախագահին եւ անոր գլխաւորած կուսակցութեան համակրող ու վստահող ժողովուրդը։
Իսկ ընդդիմադրութիւնը իր մեծագոյն սխալը կը գործէ, եթէ յետ–ընտրական պայքարի իր նոր հանգրուանը հունաւորէ քաղաքական այն ճարտասանութեամբ, որ մեր ժողովուրդը դեռ քաղաքացիական հասունութիւն չունի, ինչի հետեւանքով չուզեց տէր կանգնիլ քաղաքացիական իր քուէի ուժին…
Իր ուժի միակ եւ անփոխարինելի աղբիւրին՝ նոյնինքն արդարութիւն պահանջող ժողովուրդին մեղադրելու փոխարէն, ընդդիմադրութիւնը ինքն իր սահմանափակումներուն եւ դեդեւումներուն մէջ պէտք է փնտռէ պատասխանատուները նախագահական իշխանութեան այսպիսի արատաւոր համակարգի պահպանումին ու վերապրումին։
Վերջին հաշուով ընդդիմադրութեան մեղքով է, որ նախագահական իշխանութիւնը յաջողեցաւ միայն երեւութապէս «ժողովրդավարական» պատմուճան հագցնել այլապէս կեղծ, էապէս եւ խորապէս ժողովրդային կամքը արհամարհելու կոչուած ու պետական լծակներով եւ միջոցներով հակակշռուած Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց։
Աւելի՛ն. ազատ ու անկաշկանդ քարոզարշաւով եւ թափանցիկ ու մաքուր քուէարկութեամբ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ փաստօրէն «օրինականացաւ» մաքսանենգութիւնը… ընտրազանգուածի քուէին։
Ինչպէս որ «Ընտրական թրաֆիքինգ» խորագրով յիշեալ հրապարակման հեղինակը կը շեշտէ՝
«Եւ հասարակութիւնը այս ամէնում մեղաւորներից վերջինն է։ Իրական պատասխանատուն բոլոր այն քաղաքական ուժերն են՝ կոալիցիոն երեք ուժերը հաւասարապէ՛ս, ովքեր կազմակերպուած տեսք են տուել ընտրական թրաֆիքինգին, ովքեր մեղքը գցում են «հանրային պահանջարկի վրայ», սակայն իրականում իրենք են թէ՛ առաջարկ, թէ՛ պահանջարկ ձեւաւորողը։
«Այսքանից յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ զարմանում են, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը դուրս չի գալիս թրաֆիքինգի երկրների ցանկից։ Պէտք է յիշեցնեմ, որ ոչ միայն ոչինչ չի արւում, որ մեր երկիրը այդ ցուցակից դուրս գայ, այլ ճիշդ հակառակը՝ ամէն ինչ արւում է, որ այդ խմբի մէջ Հայաստանը աւելի խորը թաղուի։
«Այսքանից յետոյ մի զարմացէք նաեւ, որ ամէն մի կազմակերպութիւն՝ կրօնական, ոչ–կրօնական, սեռական ու այլ, իրենք կարող են իրենց իրաւունք վերապահել մասնակից դառնալ մարդու կեանքի ու արժանապատուութեան անքակտելի մասը կազմող այլ իրաւունքների առքուվաճառքին. մէկը խիղճ է գնում, միւսը՝ մարմին, մէկ ուրիշը՝ հոգի։ Այս ամէնի թիվ 1 պատասխանատուն իշխանութիւններն են։ Նրանք են Ընտրական թրաֆիքինգ կոչուող կազմակերպուած յանցագործութեան հեղինակը»։
Վտանգը անհամեմատօրէն աւելի կը շեշտուի, երբ հասարակական այս աստիճան կործանիչ չարիքին գիտակցող եւ անոր դէմ անհաշտ պայքար մղելու կոչուած ընդդիմադրութիւնը, կամայ թէ ակամայ, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կը նպաստէ ընտրական մաքսանենգութեան համակարգի… «օրինականացում»ին։
Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը կոչուած էր ժողովրդավարական պայքարի ամէն միջոց եւ ուղի գործածելու, որպէսզի ժողովրդային ըմբոստացման ալիքի ճնշումին տակ՝ թոյլ չտար նախագահական իշխանութեան, որ պետութիւնը ծառայեցնէր սեփական քաղաքական ուժը հզօրացնելու եւ օրէնսդրական թէ դատական հակակշռէ վեր պահելու նկրտումներուն։
Ընդդիմադրութիւնը արդեօք ուզեց, բայց չկրցա՞ւ սանձել նախագահական իշխանութեան ոտնձգութիւնները։
Կարեւոր է ու քննարկման կը կարօտի հարցադրումը։
Բայց արդիւնքը այն է, որ նախագահական իշխանութիւնը յաջողեցաւ խորհրդարանական ընտրապայքարը… «զերծ պահել» ժողովրդային բողոքի ու ծառացման ժողովրդավարական ճնշումէն։
Քաղաքական մեկնաբանի մը դիպուկ բնութագրումով՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան վարպետ ադամանդաքար գամող ոսկերչի պէս գրեթէ «անթերի» ղեկավարեց Մայիս 6ի ազատ ու անկաշկանդ, թափանցիկ ու մաքուր ընտրութիւնը։
Ափսո՜ս, սակայն, որ քաղաքական գործիչի այդ անվիճելի տաղանդը ծառայեց – եւ ընդդիմադրութեան սխալները կրկնուելու պարագային՝ գալ տարի ալ կրնայ ծառայել – ընտրազանգուածի քուէն մաքսանենգութեամբ իւրացնելու յանցագործութեան «օրինականացում»ին։